Որոնել

2024.03.28 TERRA SANTA GUGEROTTI

Կարդինալ Կուճերոթթին մէկ շաբաթով կը մեկնի Սուրիա այնտեղ տանելու Քահանայապետին ողջագուրումը

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Քահանայապետի խնդրանքով կը մեկնի Սուրիա ուր պիտի մնայ գրեթէ մէկ շաբաթ եւ պիտի հանդիպի Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու եկեղեցական ղեկավարներուն ու անդամներուն հետ, որոնց շարքին Հայ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիները։ Ճամբորդութեան վերջին օրը Ան պիտի այցելէ Պապ Թումայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսւչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին յանձնարարած է մեկնիլ Սուրիա այնտեղի Կաթողիկէներուն տանելու իր ողջագուրումն ու օրհնութիւնը եւ ասոր համար է, որ Ծիրանաւորը, հինգշաբթի 23 Յունուարին մեկնեցաւ նախ Լիբանան որտեղէն ուրբաթ 24 Յունուարին պիտի անցնի Դամասկոս։

«Սրբազան Քահանայապետին նպատակն է, որ Քրիստոնեաները Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայի իրավիճակին մէջ, զգան ողջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը և մասնաւորապէս Հռոմի Եպիսկոպոսի ջերմութիւնը, որ չի դադրիր աղօթելէ անոնց համար» կը կարդանք այս առիթով Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է` որ «իրենց Քրիստոսի հաւատարմութեան համար հինաւուրց ու փառաւոր այս Եկեղեցիներուն պատկան քրիստոնեաները, սատարեցին այդ տարածաշրջանի մշակոյթին ու ընկերութեան զարգացումին, իրենց գոյութեան առաջին դարերէն սկսեալ... անոնք այժմ եւս կը խնդրեն շարունակել իրենց այս աջակցութիւնը Սուրիոյ»։

«Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով` որ վերացուին բոլոր սահմանափակումները, որոնք Սուրիացիները մղեցին աղքատութեան և խթանեցին ողբերգական արտագաղթը, կը հրաւիրէ վերակառուցել խաղաղ երկիր մը, որուն բարգաւաճումը ապահովուած ըլլայ անոր բոլոր բաղադրիչներով, ազատութեան, անհատի արժանապատուութեան և բազմազանութեան առումով՝ սկսեալ նոր Սահմանադրութեան մը մշակումէն» գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

«Ան կը վստահեցնէ` որ կաթողիկէ Եկեղեցին, ոչ մէկ ջանք պիտի չխնայէ, սատարելու ազնուական Սուրիոյ վերածնունդին» նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ։

24էն 29 Յունուար այս առաքելութեան Կարդինալ Կուճերոթթիին պիտի ընկերանան Վերատեսչութեան Քարտուղար` Գերապ. Միշել Ժալխը, եւ Ծիրանաւորին անձնական քարտուղարը` Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ հայր Էմանուել Սապատաքան, որոնք Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարիի հետ միասին պիտի այցելեն տեղական եպիսկոպոսները, կղերական դասի անդամները ու կաթողիկէ համայնքներու աթոռանիստ եկեղեցիները, հանդիպելով նաեւ հաւատացեալներուն հետ։

Ան ի միջի այլոց հանդիպում պիտի ունենայ Յոյն Մելքիդ Եկեղեցւոյ պատրիարք Գերերջանիկ Եուսէֆ Ապսիի հետ, ապա մարոնիթ, Քաղդէացի, Ասորի, հայ կաթողիկէ եւ լատին եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։

Կարդինալ Կուճերոթթին հուսկ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ տեղական եկեղեցիներու բարեսիրական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ ապա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հոմս քաղաքի մէջ նախատեսուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու լիագումար հաւաքին։

Այցելութիւններու ու հանդիպումներու շարքին Ծիրանաւորը պիտի հանդիպի քոյր Եկեղեցիներու` պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու ու հասարակութիւններուն հետ, որոնց շարքին նաեւ հայ առաքելական եկեղեցին, բոլորին տանելով Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնները ու հաւաստիքը թէ Ինք «ներկայի կացութեան մէջ քրիստոնեաներու միութիւնը կը նկատէ հրամայական, որուն ծիրէն ներս կաթողիկէ եկեղեցին պատրաստ է համագործակցելու»։

25 Յունուարին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին օրը եւ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուան վերջին օրը, Կարդինալ Կուճերոթթին` Սուրբ Պօղոսի դարձի վայրին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագ։

Կարդիանլ Կուճերոթթին եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ճամբորդութիւնը պիտի աւարտեն 29 Յունուարին այցելելով Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հուսկ Դամասկոսի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ կէսօրուան ճաշը կիսելէն ետքը պիտի ուղղուի Լիբանան, ուր պիտի գիշերէ Լիբանանի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եւ երկրորդ օրը` 30 Յունուարին պիտի վերադառնայ Հռոմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 09:47