Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սուրբ Աթոռը 184 պետութիւններու հետ կը պահպանէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Տեղեկատուական նշում Սուրբ Աթոռի եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, որ Սուրբ Աթոռը 185 պետութիւններու հետ կը պահպանէ լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու անոնց մէկ կան Եւրոպական Միութիւնն ու Մալթայի ինքնիշխան մարտական ուխտը։

Իսկ Հռոմի մէջ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու թիւը 90 է, ներառեալ Եւրոպական Մինութիւնն ու Մալթայի ինքնիշխան մարտական ուխտը։

Հռոմի մէջ աթոռ ունին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Արաբական պետութիւններուն Լիկան եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը։

2024 թուականին ընթացքին, հոկտեմբեր 11ին, ստորագրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Պուրքինա Ֆազոյին միջեւ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ իրաւական կարգավիճակի մասին երկրորդ լրացուցիչ համաձայնութիւնը։

22 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռն ու Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութիւնը պայմանաւորուեցան չորս տարիով երկարաձգել եպիսկոպոսներուն նշանակման մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը, ստորագրուած 22 սեպտեմբեր 2018ին եւ վերանորոգուած 22 հոկտեմբեր 2020ին, 22 հոկտեմբեր 2022ին։ ի Վերջոյ 24 հոկտեմբերին, ստորագրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Չեխիոյ հանրապետութեան միջեւ համաձայնութիւնը կարգ մը իրաւական հարցերու շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2025, 10:03