Որոնել

Մարդասիրական օգնութիւն պատրաստող անձեր Մարդասիրական օգնութիւն պատրաստող անձեր 

Սուրբ Աթոռ. Պատերազմական գօտիներուն մէջ մարդասիրական օգնութեան արգելափակումը կը խոցէ մարդկային արժանապատուութիւնը

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, գերպ Ռոպէրթ Մրֆիի ելոյթը, Նիւ Եորքի մէջ գումարուած « Պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը զինուած հակամարտութիւններուն մէջ. խթանել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգանքը» նիւթով ժողովին ընթացքին։ «Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի որեւէ խախտում, ի վերջոյ մարդու անձին վնաս է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 28 յունուարին, Նիւ Եորքի մէջ կայացած «Պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը զինուած հակամարտութիւններուն մէջ. Խթանել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգանքը» նիւթով ժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, գերպ Ռոպէր Մրֆին։

Ելոյթին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը մտահոգութիւն յայտնեց աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած տառապանքներուն համար՝ ապա ընդգծեց «մարդասիրական միջազգային իրաւունքի յարգանքի կարեւորութիւնը», որպէս բարոյական հիմնարար պարտաւորութիւն։ Ան ապա ուշադրութիւն հրաւիրեց իւրաքանչիւր անձին ներքին արժանապատուութեան վրայ՝ ինչպէս ամրագրուած է Ժընեւի համաձայնութիւններէն ու դատապարտեց այդ սկզբունքներուն աճող մաշումը, որ սպառնալիք է ոչ միայն պատերազմի զոհերուն, այլեւ համաշխարհային անվտանգութեան բարոյական հիմքերուն համար։

Գերպ Մրֆի նախազգուշացուց, որ քաղաքացիական զոհերը պէտք չեն, որ դիտարկուին որպէս միայն կողմնակի վնասներ ու դատապարտեց անձերու եւ ենթակառոյցներուն վրայ ուղղակի յարձակումները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութեան արգելափակումը։ Ան ապա յորդորեց միջազգային ընտանիքը ապահովուելու մարդասիրական օգնութիւնը, ընդգծելով գործելու հրատապութիւնը, որպէսզի մարդասիրական միջազգային իրաւունքը յարգուի եւ խթանուի բոլոր իրավիճակներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 13:17