«Meaning Meets Us» Վատիկանի մէջ Ամերիկացի, Իսրայէլացի եւ Պաղեստինցի երիտասարդները երկխօսութեան մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2էն- 5 փետրուարին, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ միջկրօնական երկխօսութեան նուիրուած «Meaning Meets Us» խորագիրով կարեւոր նախաձեռնութիւն մը ներգրաւելով Իսրայելէն, Պաղեստինէն, Միացեալ նահանգներէն ժամանած երիտասարդներ։
«Սքոլաս Օքուրենթես» եւ աշխարհի տարբեր համալսարաններու կողմէ կազմակերպուած միջոցառումին նպատակն է անդրադառնալ ժամանակակից հասարակութեան իմաստային ճգնաժամին՝ կրթութեան եւ մահմետական, հրէական եւ Քրիստոնէական տարբեր կրօնքներու միջեւ հանդիպումի միջոցաւ։
Հանդիպումի օրերուն նախատեսուած է, որ երիտասարդները պիտի մասնակցին կրթական եւ արուեստագիտական գործունէութիւններուն՝ խթանելու համար ունկնդրութիւնն ու փոխ ըմբռնումը։ Միջոցառումը իր գագաթնակէտին կը հասնի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումով, ուր երիտասարդները պիտի ներկայացնեն իրենց մտորումներն ու եզրակացութիւնները։
«Սքոլաս Օքուրենթես»ի նախագահ, Խօսէ Մարիա Տէլ Քոռալ, նշեց թէ յիշեալ միջոցառումը կ՝ընդգծէ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ի յայտ բերելով, թէ ինչպէս երիտասարդները կրնան փոփոխութեան գործակալներ դառնալ։
Հրէական համալսարանի դասատու, Էլիթզուր Պար Աշէս Սիէկալ կարեւորեց ակադեմիական բանավէճի արժէքը որպէս երկխօսութեան եւ գիտելիքի տարածք, մինչ միջկրօնական երկխօսութեան խումբի վարիչ, Խիթամ Պատեր ընդգծեց ուրիշներու մարդասիրութիւնը լսելու, ճանչնալու եւ կիսելու կարեւորութիւնը, որպէս բուժումի եւ յոյսի տանող քայլ »։
Սքոլաս Օքուրենթես քահանայապետական դպրոցը իր հիմնադրութենէն ի վեր աշխատեցաւ միջկրօնական երկխօսութիւնը խթանելու համար շօշափելի նախաձեռնութիւններու միջոցաւ ինչպէս համաշխարհային հանդիպումներն ու որմանկարներ, նպատակ ունենալով ընդլայնել այդ փորձառութիւնները ողջ աշխարհին մէջ ցոյց տալով որ կրթութիւնն ու հանդիպումը կարող են հասարակութիւնը փոխակերպել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ