Որոնել

2025.01.23 Sussidio Pastorale 8 Dicastero per le Chiese Orientali

Արեւելեան եկեղեցիներուն ի նպաստ Հովուական օժանդակութեան մատեան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարւոյն առիթով արեւելեան ծէսերու պատկան հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն համար պատրաստած ու հրատարակած է Հովուական օդանդակութեան մատեան մը` որուն մէջ պարունակուած են Արեւելեան Եկեղեցիներու հարուստ ժառանգութեան հայող տեղեկութիւններ ու անոնց Հռոմ քաղաքին հետ ունեցած կապերու մասին ակնարկներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այս հովուական օժանդակութեան մատեանը կ՛առաջարկուի` որպէս օգնութիւն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու հովիւներուն ու հաւատացեալներուն համար, որպէսզի անոնք լիապէս ապրին ու արդիւնաւէտութեամբ տօնախմբեն Յոբելեանին շնորհքը։ Ան ապա նաեւ գործիք է ի սպաս Լատին Եկեղեցւոյ, ընդլայնելու համար հորիզոնները եւ ընկալելու համար պարգեւը` զոր Քրիստոնեայ Արեւելքը կը մատուցէ համայն կաթողիկէ աշխարհին»։ Այս տողերուն մէջ ամփոփուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան հրատարակած «հովուական օժանդակութեան մատեանը» որուն խորագիրն է «2025-ի Յոբելեանը ե կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիները»։

Հատորի առաջին կողքին վրայ զետեղուած է գրառում մը, որ քաղուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելեանը հռչակող «Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» կոնդակէն, եւ կը բացատրէ քրիստոնէական յոյսին իմաստը` որ «նաեւ մահուան դիմաց, երբ կը թուայ թէ ամէն ինչ վերջացած է, կ՛ընդունինք հաւաստիութիւնը, որ Քրիստոսին շնորհիւ եւ մկրտութեան ատեն անոր մեզի փոխանցած շնորհքի միջոցաւ, կեանքը չէ վերջացած, այլ փոխակերպուած է առ յաւէտ»։

«Մեր ապրած այս աշխարհին մէջ, պատերազմներու, անարդարութիւններու, եւ բռնութեան ի տես, արդեօ՞ք կարելի է տակաւին յուսալ։ Յոբելեանը մեզ կը մղէ տրամաբանական այո մը ըսելու, որովհետեւ պատասխանը մեր Տէր Յիսուսն է» կը կարդանք միշտ Հովուական  օժանդակութեան մատեանի առաջին կողքին վրայ։

Վերոյիշեալ այս մատեանը կազմուած է 162 էջերէ, որուն վերջին էջերուն մէջ զետեղուած են արեւելեան խճանկարներու եւ հոգեւոր պատկերներու նմուշներ, որոնք կը գտնուին Հռոմի զանազան Եկեղեցիներուն մէջ։

Գիրքի նախաբանին մէջ կը նշուի` թէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելեանը տեղի պիտի ունենայ 12էն 14 մայիսին եւ պիտի յատկանշուի արեւելեան ծէսերու ծիսակատարութիւններով։

Հովուական օժանդակութեան մատեանի առաջին բաժնին մէջ ի յայտ դրուած են արեւելեան ժառանգութեան որոշ տարրեր, որոնք յատուկ նշանակութիւն ունին Սուրբ Տարուան համար։ Իսկ երկրորդ եւ երրորդ բաժիններուն մէջ, ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանող արեւելցի հաւատացեալներուն կը ներկայացուին տեղեկութիւններ, Հռոմի եւ Արեւելքի միջեւ հանդիպման վայրերու մասին, անոնց առիթ ընծայելու որ իրենց ուխտագնացութիւնը կատարեն աւելի հարուստ եւ արդիւնաւէտ յայտագիրով մը։

Օժանդակութեան մատեանը ունի երեք բաժին, նախաբան մը ու երկու յաւելուածներ։

Առաջին բաժնին խորագիրն է «Յոբելեանը Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներուն մէջ», ուր կը բացատրուի Յոբելեանին իմաստը, ապա կը տրուին հոգեւոր ցուցմունքներ։ Երկրորդ մասը նուիրուած է Հռոմի «արեւելեան դիմագիծին», ուր ներկայացուած են Հռոմ քաղաքի արեւելեան բնոյթ ունեցող հետքերու մասին տեղեկութիւններ, հուսկ Երրորդ բաժնին մէջ, որ կը խօսի ժամանակակից կենդանի իրականութեան մասին, ներկայացումը կը կատարուի Հռոմի Քահանայապետական արեւելածէս վարժարաններուն ու եկեղեցիներուն, որոնց շարքին է նաեւ Լեւոնեան Ք. Հայկական վարժարանը, Սուրբ Նիկողայոսի անուան եւ Սուրբ Վլասի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցիները։

Յաւելուածներուն մէջ ապա կը խօսուի արեւելքի տարբեր եկեղեցիներու ծիսական տարիներու մասին, եւ յղում կը կատարուի Յոբելենական տարւոյն կայքէջին, ուր կարելի է յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղել Յոբելենական տարւոյն զանազան ուխտագնացութիւններու օրակարգի վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2025, 09:00