Կարդինալ Չեռնի պիտի այցելէ Լիբանանը 19էն 23 Փետրուար 2025
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Միքայել Չեռնի յառաջիկայ օրերուն` 19էն 23 Փետրուարին, հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Լիբանան, ուր հրաւիրուած է մասնակցելու Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու լիագումար ժողովի փակման նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Փետրուարին։
Կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը պիտի այցելէ նաեւ Լիբանանի երկու սրբավայրեր` Հարիսայի Տիրամօր Սրբավայրը ու Սուրբ Շարպելի Սրբավայրը, ուր նախատեսուած են աղօթքներըու այցելութեան պիտի տայ ապա իր միաբանակից եղբօր ու Յիսուսեան Միաբանութեան երբեմնի մեծաւոր` Հայասէր Հայր Փիթըր Հանս Քոլվընպախի շիրիմին։
Կարդինալ Չեռնին ապա կանգ պիտի առնէ ու պիտի աղօթէ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ուր 4 օգոստոս 2020ին տեղի ունեցած էր մեծ պայթումը, որ պատճառած էր ահռելի աղէտներ ու մարդկային կեանքի կորուստներ։
Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը հուսկ պիտի հանդիպի ու զրոյցներ պիտի ունենայ կաթողիկէ 30 կազմակերպութիւններու հետ, տեսակցելով այն երիտասարդներուն հետ որոնք կը մասնակցին «Leadership Academy for Peace» կազմաւորման դասընթացքին ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական առաջնորդութեան ձևաւորման գործունեայ քաղաքացիութեան կրթութեան դասընթացքին։
Նախատեսուած են նաեւ միջ-կրօնական հանդիպումներ, որոնց շարքին Տար ալ Ֆաթուայի Միւֆթիին հետ Թրիբոլի քաղաքին մէջ, ուր մահմետականներու ու տեղական եկեղեցւոյ միջեւ կայ փոխադարձ համագործակցութիւն, հուսկ Ծիրանաւորը պիտի այցելէ Սայըտըդ ըլ Հարա դպրոցը եւ Ում ըլ Նուրի հետ համագործակցութեամբ իրագործուած «FORSA» ծրագիրը։
Կեցութեան ընթացքին Կարդինալ Միքայել Չեռնի հանդիպում պիտի ունենայ խումբ մը գաղթականներու, ներքին տեղահաններու ու փախստականներու հետ, որոնց խնամքով ու հոգատարութեամբ կը զբաղին տեղական Քարիթասը եւ Յիսուսեաններու Փախստականներու ծառայութիւնը։
Վերոնշեալ ճամբորդութեան նախօրեակին Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Չեռնի նշեց` թէ ինք Լիբանան կը մեկնի այնտեղ տանելու Ֆրանչիսկոս Պապին սէրն ու մօտիկութիւնը Լիբանանին` ժողովուրդի մը` որ տառապեցաւ մեծապէս եւ քաջութեամբ դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք այժմ եւս կը շարունակուին։
Կարդինալ Չեռնի կարեւոր համարեց նաեւ Սրբազան Պապին մօտիկութիւնը տանիլ նաեւ գաղթականներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանցի ժողովուրդի հիւրընկալական հոգիին համար, տրուած ըլլալով որ Լիբանանի մէջ չորս բնակիչներու վրայ մէկը փախստական է։ Այս ուղղութեամբ Ծիրանաւորը խօսեցաւ նաեւ գաղթականներու ճամբարներու մէջ ապրուած իրականութեան մասին, ուր բազմաթիւ մանուկներ ոչ իսկ արձանագրուած են ու առանց ինքնաթուղթի են ու շատ անգամ ենթարկուած մարդավաճառութեան ու մանկական աշխատանքի երեւոյթին։
Կարդինալ Չեռնի ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքը թէ Լիբանանը Երկիր ըլլալէ անդին պատգամ մըն է եւ մաղթեց որ Լիբանանը կարողանայ յառաջ ընթանալ, քաջութիւն ունենալով դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները, միասնաբար գտնելով լուծումներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ