Արք Կալլակեր. Պէտք է խաղաղութեան քաջութիւնը ունենանք եւ աշխատինք իրական հաշտեցումին համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ «Զինուորները խաղաղութեան հասնելու համար» վերնագիրով համագումարին, զինուած ուժերուն յոբելեանի շրջանակէն ներս։
Իր ելոյթին մէջ արքեպիսկոպոս Կալլակեր ընդգծեց, թէ խաղաղութեան խիզախութիւնը, հրադադար փնտռելէ անդին կ՝երթայ ու ուշադրութիւն հրաւիրեց ժամանակակից հակամարտութիւններուն բարդութեան վրայ, որոնք կը պահանջեն անվտանգութեան համապարփակ մօտեցում, ներառեալ այնպիսի երեւոյթներ ինչպէս պարէնային բնապահպանական եւ տնտեսական անվտանգութիւնը։
Գերապայծառ Կալլակեր ընդգծեց թէ ինչպէս փոխուած է հակամարտութիւններու բնոյթը, վստահուած անձերուն, քաղաքացիական պատերազմներուն տարածումով, ներառեալ զանգուածային ոչնչացման զէնքերն ու արուեստական բանականութիւնը ապա բարոյական մտահոգութիւն յայտնեց ինքնավար զէնքերուն համակարգերու կիրառման վերաբերեալ ու շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ապառազմականացման խթանման եւ ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու համար։
Հոգեւոր Առաջնորդը առաջարկեց նոր մօտեցում անվտանգութեան նկատմամբ, նպատակ ունենալով բացառել պատերազմը, որպէս հակամարտութիւններուն կարգաւորման միջոց, նպաստելով ոչ բռնութեան։ Անդրադարձաւ մարդասիրական միջազգային իրաւունքին ընդգծելով թէ անոր խախտումը դարձած է չափազանց սովորական՝ անհրաժեշտութիւն յառաջացնելով վերանայելու բարոյական հիմնական սկզբունքները, որոնք կ՝առաջնորդեն մարդկային գործողութիւնները։
Ի վերջոյ արք Կալլակեր հաստատեց, թէ չէ կարելի հաստատել մշտական խաղաղութիւն մը առանց յարգելու մարդկային իրաւունքները եւ պատերազմի կանոնները, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան ճանաչումը էական է կառուցելու համար ներդաշնակ կարգ մը, որ կը պահանջէ քաջութիւն եւ վճռականութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ