Որոնել

2024.04.17 Madre Teresa e la medaglia miracolosa

Մայր Թերեզան ներառուեցաւ Հռոմէական Յայսմաւուրքին մէջ. Տօնը պիտի նշուի 5 Սեպտեմբերին

Հրատարակուեցաւ Աստուածային Պաշտամունքի Վերատեսչութեան հրովարտակը, որով Ֆրանչիսկոս Պապը ընկալելով հովիւներու, կրօնաւորներու ու հաւատացեալներու խնդրանքը, Սրբուհին` որ Խորաններու պատուոյն արժանացաւ 2016ին, ներառուի Հռոմէական Յայսմաւուրքին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Մայր Թերեզա» այսպէս է` որ զայն կը ճանչնան քրիստոնեաները` Քալքութայի աղքատներուն նուիրեալ միանձնուհին, որ 4 Սեպտեմբեր 2016 սրբադասուեցաւ եւ որ ինքզինք ներկայացուած է միշտ որպէս «փոքրիկ մատիտ մը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ»։

Այսօր 11 Փետրուարին հրատարակուեցաւ Անոր հայող Աստուածային Պաշտամունքի Վերատեսուչթեան հրամանագիրը, որով Ֆրանչիսկոս Պապ` ընկալելով եպիսկոպոսներուն, հովիւներուն, կրօնաւորներուն ու հաւատացեալներուն խնդրանքը, Սրբուհին ներառեց Հռոմէական Յայսմաւուրքին մէջ, հրահանգելով` որ անոր ծիսական տօնը յիշատակուի 5 սեպտեմբերին, 1997ին պատահած անոր մահուան նոյն օրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2025, 12:00