Որոնել

Արուեստական բանականութիւն մասին երկխօսութիւն Արուեստական բանականութիւն մասին երկխօսութիւն 

Գերպ. Փալիա. Արուեստական բանականութեան գծով. «Արթնցնել Եւրոպական մարդկայնականութիւնը»

Կեանքի համար քահանայապետական կաճարը, Գերպ Վինչէնցօ Փալիայի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ արուեստական բանականութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կեանքի համար քահանայապետական կաճարը առաջնորդութեամբ Գերպ Վինչէնցօ Փալիայի նախաձեռնած է արուեստական բանականութեան մասիս երկխօսութեան միջոցառում մը, ներգրաւելով արուեստագիտութիւններուն ղեկավարներ, ինչպէս Microsofti նախագահ՝ Պրատ Միթը, որ եկեղեցւոյ օգնութիւնը խնդրած է յստակացնելու մեքենային եւ մարդու միջեւ սահմանները։

Արուեստական բանականութեան մասին երկխօսութեան այս միջոցառումը առաջնորդեց «Բարոյական արուեստական բանականութեան մը համար, Հռոմի կոչ»ի, զոր ստորագրուեցաւ՝ 28 փետրուար, 2020ին, նախաձեռնուած տարբեր հաստատութիւններում կողմէ ինչպէս Microsoft եւ IBM, ունենալով որպէս նպատակ ապահովուել որ արուեստագիտութիւնը յարգէ մարդկային անձի կեդրոնականութիւնը։

«Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կեանքին համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերպ Վինչէնցօ Փալիա անդրադառնալով արուեստական բանականութեան ինչպէս նաեւ երկխօսութեան միջոցառումի մասին ընդգծեց տուեալներու կառավարման միջազգային բարոյական եւ իրաւական չափանիշերուն հաստատման կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով, որ կլիմային պահպանման վերաբերեալ Փարիզի ոճով համաձայնագիր կնքել մասնաւորապէս զարգացող արուեստագիտութիւններուն համար։

Գերպ Փալիա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ Փուլիա քաղաքին մէջ գումարուած G7 ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքը, ուր ընդգծեց արհեստական բանականութեան նկատմամբ բովանդակալից վերահսկողութեան պահպանման կարեւորութիւնը, զգուշացնելով մարդիկը արուեստագիտութիւն դարձնելու վտանգէն։

Գերպ Վինչէնզօ Փալիա զրոյցի ընթացին նշեց թէ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին կը խթանէ եւ կը խրախուսէ Հռոմի կոչը ինչպէս նաեւ աջակցութիւն կը հաւաքէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերէն, ներառեալ Հնդկաստանը։

Գերպ Փալիա զրոյցը աւարտեց ընդգծելով Եւրոպային այն պատասխանատուութիւնը, որ պէտք է ամբողջացնէ արուեստագիտութեան մէջ մարդկայնականութեան աւանդութիւնը։ Գերպ Փալիային համաձայն, եկեղեցի վճռորոշ դեր ունի մարդկութեան պահպանման գործին մէջ, որպէսզի չվերածուի համադրական վիճակի, այլ խարսխուած մնայ մարդասիրական արժէքներումն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2025, 11:48