Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթք` Ֆրանչիսկոս Պապի դիտաւորութեան

Յայտնենք որ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած աղօթքին միացան նաեւ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան անդամները որոնք այս օրերուն Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ կը գումարեն իրենց ընտրական ժողովը։ Անոնք եւս միաբերան աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Անորմէ հայցելով` Ֆրանչիսկոս Պապին համար շուտափոյթ ապաքինում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 24 Փետրուարի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակը որ վայրը եղած է տարբեր միջոցառումներու, արարողութիւններու, ունկնդրութիւններու ու նաեւ յատուկ աղօթքներու, վկան դարձաւ այլ յատուկ աղօթքի մը, ուր Աստուծոյ ժողովուրդը համախմբուեցաւ իր հովիւներուն շուրջ աղերսական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած բարեխօսութեամբն Անոր մօր Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածանայ, որպէսզի թիկունք կանգնի Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Պապին, որ այս օրերուն կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց պէտք եղած խնամքները ստանալու համար եւ որուն առողջապահական վիճակը բարդ է եւ բժիշկներու կանխատեսումները կը մնան զգուշաւոր։

Աղօթքը, որ նուիրուած էր նաեւ բոլոր հիւանդներուն, գլխաւորեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ աղօթքին սկիզբը յիշեց` թէ ան նուիրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի ապաքինումին, ակնարկելով Գործք Առաքելոց գիրքին, «ուր կը պատմուի, ըսաւ Ան, որ Եկեղեցին կ՛աղօթեր թախանձագին մինչ Պետրոս կալանաւորուած էր»։

«Երկու հազար տարիներէ ի վեր քրիստոնեայ ժողովուրդը կ՛աղօթէ Քահանայապետին համար, ըլլայ երբ Ան վտանգի տակ է կամ հիւանդ։ Այս օրերուն եւս, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց, անոր համար պաղատագին աղօթք կը բարձրանայ առ Տէրը աշխարհի քրիստոնեայ հաւատացեալներու կողմէ եւ մենք այս իրիկուընէ կ՛ուզենք միանալ անոնց, այստեղ, անոր տունէն, աղօթելով Սուրբ Վարդարանը» յարեց Կարդինալ Փարոլինը` Սրբազան Պապը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի զօրեղ բարեխօսութեան, «զոր կը հայցենք յատկապէս անոր «հիւանդաց փրկութիւն» տիտղոսով» աւելցուց Ան հոգատար մօրմէն հայցելով որ, թիկունք կանգնի Ֆրանչիսկոս Պապին, այս հիւանդութեան ու փորձանքի պահուն եւ օգնէ անոր, որպէսզի շուտով վերագտնէ առողջութիւնը։

Կարդինալ Փարոլինի այս ներածականէն ետքը սկիզբ առաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, որուն մասնակցեցան հռոմաբնակ կարդինալները, Հռոմի Քուրիայի անդամները, կղերական դասի անդամներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, նորընծաներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքին մաս կազմող  Տիրամօր նուիրուած Լիթանիայի  աւարտին Կարդինալ Փարոլինը բոլոր ներկաները հրաւիրեց յաւելեալ Հայր մեր, Ողջոյն քեզ ու Փառք հօր մը աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապի ապաքինումի դիտաւորութեան, Ան ապա արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

«Տէր Աստուած մեր, քու հաւատացեալներուդ շնորհէ որ միշտ վայելեն մարմնի և հոգիի առողջութիւն, Ամենասուրբ միշտ Կոյս Մարիամի փառաւոր բարեխօսութեամբ, փրկէ մեզ չարէն, որ հիմա մեզ կը տխրեցնէ եւ առաջնորդէ մեզ դէպի յաւիտենական ուրախութիւն: Մեր Տիրոջ Քրիստոսի միջոցաւ։ Ամէն»։

Աղօթքէն ետքը Կարդինալ Փարոլինը իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Յայտնենք որ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած աղօթքին միացան նաեւ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան անդամները որոնք այս օրերուն Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ կը գումարեն իրենց ընտրական ժողովը։ Անոնք եւս միաբերան աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Անորմէ հայցելով` Ֆրանչիսկոս Պապին համար շուտափոյթ ապաքինում։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2025, 21:52