Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Սքոլաս Օքուրենթես». Երիտասարդները երկխօսութեան մէջ յանուն խաղաղութեան

Աւարտեցաւ «Meaning Meets Us» միջկրօնական հանդիպումը նախաձեռնուած քահանայապետական հիմնարկի կողմէ որ միացուց Իսրայէլէն, Պաղեստինէն եւ Միացեալ Նահանգներէն երիտասարդներ։ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնած Նամակի մէջ հանդիպումի մասնակիցները խնդրած են Պապէն միանալու իրենց աղօթքներուն՝ խաղաղութեան հաստատման, երկխօսութեան քաջութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սքոլաս Օքուրենթես» Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Meaning Meets Us» հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ փետրուար 2էն-5, որուն մասնակցեցան Իսրայէլէն, Պաղեստինէն, Միացեալ Նահանգներէն ժամանած երեսուն երիտասարդներ։

Հանդիպումին ընթացքին մասնակիցները կիսեցին իրենց փորձառութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ ընդգծելով երկխօսութեան եւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ «Սքոլաս Օքուրենթեսի» նախագահ, Խօսէ Մարիա Տէր Քորալ յոյս յայտնեց ապագային նկատմամբ՝ ընդգծելով երիտասարդներուն կարողութիւնը՝ իրականացնելու Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումի մշակոյթի երազը։

Յիշեալ հանդիպումը երեք տարիներուն արդիւնքն է «University of Meaning» նախագիծին շրջագիծէն ներս, մշակուած Երուսաղեմի Հրէական համալսարանի, «Նոթր Տամ» համալսարանի կողմէ։ Յիշեալ հաստատութիւնները միացուցին իրենց գիտական մեթոտաբանութիւնը Սքոլասի հետ, որ կ՝օգտագործէ խաղերը, արուեստն ու արուեստագիտութիւնը՝ երկխօսութիւնը խթանելու համար։

«Սքոլաս Օքուրենթես»ի նախագահը ընդգծեց այս նորարար մօտեցումին դրական արդիւնքները, նաեւ բարդ շրջանակներէն ներս, ինչպէս Սուրբ Երկրի հակամարտութիւնը։

Հանդիպումին մասնակիցները խրախուսուեցան դառնալու խաղաղութեան ազդեցութիւն բանեցնող անձեր իրենց հասարակութիւններուն մէջ փոխանցելով հանդիպումի ընթացքին սորված արժէքները։

Սուրբ Աթոռի լրատուամիջոցներուն վերատեսչութեան քարտուղար, Գերպ Լուչիօ Ատրիան Ռուից երիտասարդները հրաւիրեց տարածելու յոյսի պատգամները, մինչ Իտալիոյ Աշխատանքի փոխ նախարար, Մարիա Թերեզա Պէլուչչի գնահատեց յարգանքի եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպանը Եարոն Տայտման վստահութիւն յայտնեց խաղաղութեան տանող յոյսի ուժի մէջ։

Ի վերջոյ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին հանդիպումի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեցին նամակ մը՝ խնդրելով շարունակել աջակցիլ նման ծրագիրներուն ու միանալու իրենց՝ աղօթելով խաղաղութեան, երկխօսութեան քաջութեան համար։ Երիտասարդները ընդգծեցին, թէ ինչպէս միջ մշակութային զրոյցները կ՝օգնեն ճանչնալու փոխադարձ արժանապատուութիւնը, արտայայտելով՝ տարբեր մշակոյթներու միջեւ խոր եւ իմաստալից կապեր ստեղծելու իրենց փափաքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2025, 10:12