Որոնել

Համաժողովը Վատիկանի մէջ Համաժողովը Վատիկանի մէջ 

Վատիկանի մէջ համաժողով յանուն արդար եւ թափանցիկ հարկային համակարգի

Ընկերային գիտութիւններու Քահանայապետական կաճարին կողմէ կազմակերպուած համաժողովին մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէն քաղաքական եւ ակադեմիական դէմքեր։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը. Ի՞նչ ընել եթէ հարկային համակարգը չի գործեր եւ կը դիւրացնէ հարստութեան կեդրոնացումը մի քանի ձեռքերուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ «Tax Justice and Solidarity — Towards an inclusive and sustainable common home - Հարկային արդարութիւն եւ համերաշխութիւն՝ դէպի ներառական եւ կայուն ընդհանուր տուն» վերնագիրով համաժողով, կազմակերպութեամբ ընկերային գիտութիւններու քահանայապետական կաճառին։ Համաժողովը տեղի ունեցաւ Վատիկանի «Քասինա Փիօ Դ» անուան դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։

Համաժողովին քննարկուեցաւ ներկայի հարկային անարդիւնաւէտութիւնը, որ կը նպաստէ բազմազգ ընկերութիւններուն ու կ՝աճեցնէ ընդհանուր անհաւասարութիւնը, հարստութիւնը կեդրոնացնելով մի քանի ձեռքերուն մէջ։

Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հարկադրութիւնը պէտք է արդար ըլլայ ընդհանուր բարիքին ծառայելու համար, մինչ «Pass» ի նախագահ, քոյր Էլէն Ալֆորտ նկատել տուաւ, որ հարկային միջազգային համակարգը հին է ։

Համագումարի իրենց մասնակցութիւնը բերին համաշխարհային գետնի վրայ ղեկավարներ, ինչպէս Պրազիլի նախագահ, Տիար Լուլա, Սպանիոյ վարչապետ Սանչէզ, անդրադառնալով տարբեր խնդիրներու, ինչպէս անհաւասարութիւնը եւ հարկային անհաւասարութիւնը ու անոնց ազդեցութիւնը ժողովրդավարներուն վրայ։

Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, Ժոզէֆ Սթիկլիզ ընդգծեց, որ վաճառական հիմնարկները կը շահին պետական ենթակառոյցներէն՝ առանց նպաստելու համարժէք կերպով անոնց ներդրման։ Ան դատապարտեց նաեւ տնտեսական նոր գաղութատիրութիւնը, որ կը սահմանափակէ զարգացող երկիրները, շահագործելով անոնց բնական հարստութիւնները աժան գիներով։

ՄԱԿ-ի (UNAIDS) ծրագիրի ճարտարապետ եւ քաղաքագէտ, Ուկանտացի Վինի Պիանիմա կարեւորեց միլիարատէրներու հարստութիւնն ու աղքատութեան աճը ընդգծելով, թէ ինչպէս պարտքերը կը խեղդեն Ափրիկեան երկիրները։

Համաժողովը կասկածի տակ դրաւ համաշխարհային սկզբունքները՝ որոնք արեւմուտքը կ՝առաջնորդեն, ընդգծելով ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ ներառական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ հարկային անհաւասարութիւնները լուծելու համար։

Յիշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին համար հարկերուն հաւաքագրումը կրնայ գործիք դառնալ անհաւասարութիւնները յաղթահարելու եւ հիմնական ծառայութիւնները երաշխաւորելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2025, 11:08