Հաղորդակցիլ Յոբելեանի եւ Սինոդի ժամանակներով «Լսելով եւ յոյսեր պատմելով»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 12 փետրուարին, տեղի ունեցաւ «Հաղորդակցութիւնը համայնք կառուցելու համար» վերնագիրով առցանց գիտացրոյց մը, որուն կեդրոանական նիւթը եղաւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան եւ եպիսկոպոսաց սինոդի հաղորդակցութեան թեման։
«NetOne» եւ եկեղեցական տարբեր հաստատութիւններուն կողմէ՝ որոնց շարքին Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը կազմակերպուած առցանց միջոցառումին ընդգծուեցաւ աճող բեւեռացումներու շրջագիծէն ներս յոյսի պատմութիւններ պատմելու կարեւորութիւնը։
Առցանց գիտաժողովին ելոթ ունեցան տարբեր մասնագէտներ, ինչպէս Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներուն վերատեսչութեան անդամ Ալեսանտրօ Ճիզոթթի, Քիմ Տանիէլս եւ էրիք Թոսսանի, կիսելով եկեղեցւոյ մէջ հաղորդակցութեան դերին վերաբերեալ միտքեր։
Տիար Ալեսանտրօ Ճիզոթթի իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ճշմարտութեան, ազնւութեան, պատասխանատուութեան արժէքներուն վրայ հիմնուած հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց «ուղեւորութեան մէջ մտնելու» հայեցակարգը\ դէպի մարդոց աւելի մեծ մասնակցութեան, մասնաւորապէս արուարձաններէն եկողները։
Տիար Տանիէլս յայտնեց, թէ ինչպէս թուային տարածքները կը ներկայացնեն «նոր միսիոներական» էջ մը, որոնք կարեւոր են երիտասարդները վաւերական յարաբերութիւններուն մէջ ներգրաւելու համար։
Իսկ Թոսսանի քննարկեց հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը, որ յոյս եւ կեանք կը ներշնչէ ընդգծելով իսկական լսելու եւ մարդկային իրականութիւնը արտացոլող լեզուի կարեւորութիւնը եւ նախազգուշացուց «լռութեան մշակոյթը եւ զէնքերուն բառերը օգտագործելէ, մաղթելով բաց եւ կառուցողական երկխօսութիւն։
Առցանց գիտազրոյցը աւարտեցաւ անդրադարձ կատարուելով մարդոց պատմութիւններուն եւ աշխարհի միջեւ կապեր ստեղծելու կարեւորութեան, անդրադառնալով նաեւ թուային դարաշրջանին հաղորդակցութեան մարտահրաւէրներուն եւ խթանելով եկեղեցւոյ մէջ սինդոական մօտեցումը, որ կարող է լսել եւ առաջնորդել անձերը՝ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ յարաբերութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ