Որոնել

Երուսաղեմ Երուսաղեմ 

«Հռոմէական ուխտագնացութեան հիմնադրութիւն» Սուրբ Երկրի մէջ վերսկսան ուխտագնացութիւնները

«Հռոմէական ուխտագնացութեան հիմնադրութիւն»ի նպատակն է վերանորոգել Հռոմի եկեղեցւոյ եւ Երուսաղեմի եկեղեցւոյ միջեւ հաղորդութիւնը, կազմակերպելով հանդիպումներ Բեթղեհէմի, Երուսաղեմի հասարակութիւններուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Opera Romana Pellegrinaggi-Հռոմէական ուխտագնացութեան հիմնադրութիւն»ը վերսկսաւ իր ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Երկիր մարտ 10էն, «Յոյսի ուխտաւորներ» նախաձեռնութեամբ։ Քահանաներէ եւ կրօնաւորներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Քոյր Ռէպէքքա Նազզարոյի, կ՝այցելեն Բեթղեհէմի, Երուսաղեմի, Երիքովի քրիստոնեայ հասարակութիւնները՝ ի պատասխան Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքին եւ Սուրբ երկրի պահակին կոչին։

Քահանաներուն եւ կրօնաւորներու պատուիրակութեան այս այցելութեան նպատակն է վերանորոգել Հռոմի եկեղեցւոյ եւ Երուսաղեմի եկեղեցւոյ միջեւ հաղորդութիւնը, ներկայացնելով յոյսի եւ միութեան նշան մը՝ողջ եկեղեցւոյ համար, մասնաւորապէս Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ տարուան մէջ։

Այս յոյս Յոյսի յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս ուխտագնացութիւնը անհրաժեշտ հնարաւորութիւն կը ներկայացնէ՝ հաւատքը ապրելու համար այցելելով Յիսուսի ապրած վայրերը, ըսաւ Քոյր Նազզարօ շեշտելով5 որ «Դէպի երուսաղեմ ուխտագնացութիւններու վերսկսումը ողջ եկեղեցւոյ համար յոյսի եւ միութեան նշան է »։

Քոյր Նազզարօ, շեշտեց ուխտաւորները տեղական հասարակութիւններուն մաս զգալու եւ Սուրբ երկրի քրիստոնեաներուն աջակցելու կարեւորութիւնը։
Մինչ Հռոմէական ուխտագնացութեան հիմնադրութեան հոգեւոր առաջնորդ հայր Ճովաննի Պիալլօ, ուխտագնացութիւնները նկարագրեց որպէս հոգեւոր ճամբորդութիւն՝ Քրիստոսը աւելի լաւ ճանչնալու համար։

Նշենք թէ Սուրբ Զատիկէն սկսեալ «Հռոմէական ուխտագնացութեան հիմնադրութիւնըը» կ՝առաջարկէ մի քանի ուխտագնացութեան առաջարկներ, որոնց շարքին, Զատիկը Սուրբ Երկրի մէջ ու  դէպի Յորդանան, Գալիլեա մի քանի օրուայ ուխտագնացութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2025, 09:43