Որոնել

2025.03.09 ESERCIZI SPIRITUALI CURIA - PASOLINI - AULA PAOLO VI

«Ներքին մահը աւարտ չէ այլ կէտը որտեղէն կրնանք սկսիլ փրկութեան ճանապարհը». Հայր Փազոլինի

Յայտնենք` որ Մտածականներու նիստին յաջորդեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը որ անցեալ օրերուն կը կատարուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ եւ այսօրուընէ որոշուեցաւ կատարել Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան ծիրէն ներս, մտածականներէն ետքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 10 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը հինգին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հռոմի Քուրիայի քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան երրորդ նիստը, զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ շարունակելով խորհրդածել «Յաւիտենական կեանքի յոյսի» մասին խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Առաջին մահը» նիւթին վրայ, մատնանշելով այն իրողութեան որ մարդ արարածը կը դժուարանայ ընդունիլ, որ յաւիտենական կեանքը արդեն իսկ սկսած է։

Հայր Փազոլինի մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն եւ Նոր կտակարանէն կը հաստատէ, որ «մահը միայն կեանքի վերջին արարքը չէ, այլ նաեւ իրականութիւն մը, որ մենք կը փորձարկենք այժմ... բայց մարդս փոխանակ կեանքը ընկալելու որպէս պարգեւ, կը ջանայ զայն կառավարել, շրջանցելով Աստուծոյ դրած սահմանները, ինչպէս ըրաւ Ադամ Եդեմի պարտէզին մէջ, այն արդիւնքով` որ «օձին խոստումները չի յանգեցուցին ինքնավարութիւնը չեղաւ այլ ամօթի ու կորուստի զգացումին»։

Ահա այս առաջին ներքին մահը կը բացայայտուի այն շարունակական փորձերուն մէջ, որով կ՛ուզենք մեր դիւրաբեկութիւնը քօղարկել պատկերներով, դերերով ու յաջողութիւններով, առանց դիմագրաւել ուզելու այն խոր դատարկութիւնը որ մեր մէջ կը գտնուի։ Բայց հակառակ ասոր Աստուծոյ առաջին արձագանքը կ՛ըլլայ, դարձեալ փնտռել մարդը, Ան արդարեւ Ադամին հարց կու տայ. «Ու՞ր ես»։ Այս մէկը կը նշանակէ որ «ներքին մահը աւարտ չէ այլ կէտը որտեղէն կրնանք սկսիլ փրկութեան ճանապարհը», «հնարաւորութիւնը յաւիտենական կեանքը բացայայտելու որպէս ոչ միայն ապագայի այլեւ ներկայի իրականութիւն»։ Նոյնինքն Յիսուս կը հրաւիրէ կեանքին ողբերգութիւնները կարդալ որպէս առիթ դարձի եւ ոչ թէ դատապարտումի նշան» (Lc 13,4-5).

Աստուած արդարեւ մեր ներքին մահուան կը նայի ոչ որպէս պարտութիւն, այլ որպէս նոր գոյութեան մը ելակէտ: Յաւիտենական կեանքի իրական խոչընդոտը ոչ թէ կենսաբանական մահն է, այլ մեր անկարողութիւնը՝ ճանաչելու, որ մենք արդեն ընկղմուած ենք իրականութեան մը մէջ, որ կը գերազանցէ ժամանակը, եթէ միայն ընտրենք զայն ապրիլ վստահութեամբ և բաց ըլլալով Աստծոյ:

Յայտնենք` որ Մտածականներու նիստին յաջորդեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը որ անցեալ օրերուն կը կատարուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ եւ այսօրուընէ որոշուեցաւ կատարել Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան ծիրէն ներս, մտածականներէն ետքը։

Երկուշաբթի օրուայ Վարդարանի աղօթքի խորհրդածութիւնները նուիրուած էին «Ուրախութեան Խորհուրդներուն» ու զանոնք գլխաւորեց Կարդինալ Ֆարրել` Աշխարհականներու, Ընտանիքներու եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2025, 08:00