Որոնել

2025.03.09 Inizio Esercizi Spirituali

Քառասնորդացի մտածականները Վատիկանի մէջ 21 Մարտէն սկսեալ

Մտածականները մեզ պիտի օգնեն հասկանալ, թէ որքան կարևոր է «ընկալել Աւետարանի դարձի շարժականութիւն» և «թոյլ տալ մեզ որ Սուրբ Հոգին ձևաւորէ մեզ որպէս նոր արարածներ», որպէսզի «խարսխուած մնանք Անոր մէջ ոչ միայն խօսքերով, այլեւ գործերով և ճշմարտութեամբ», գրուած է Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան այս առիթով ուղարկած հրաւէրին մէջ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոսի մէջ խարսխուած: Արմատաւորուած և հիմնուած նոր կեանքի յոյսով». Այս է 2025 տարուան Քառասնորդաց շրջանի մտածականներուն ընտրուած նիւթը` Քահանայապետական Տան Քարոզիչ հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի կողմէ։ Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը նշելով նաեւ թէ այս տարուան մտածականներու նիստերը բաց պիտի ըլլան բոլոր այն հաւատացեալներուն համար, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ու թէ անոնք կարող են ազատօրէն մուտք գործել Պօղոս Զ անուան սրահ, ուր տեղի պիտի ունենան նիստերը, ամէն ուրբաթ օր առաւօտեան ժամը ինին` սկսեալ յառաջիկայ 21 մարտէն, ապա 28 մարտին, , 4 ապրիլին եւ 11  ապրիլին։

Մտածականներու նիւթերը պիտի ըլլան` «Սորուինք ստանալ – մկրտութեան տրամաբանութիւնը» 21 մարտին, «Երթալ այլուր – Ազատութեան ոգին», 28 մարտին; «Գիտնալ վերականգնիլ - Յարութեան բերկրանքը»,  4 ապրիլին, «Ընդլայնել յոյսը՝ Համբարձման պատասխանատուութիւնը», 11 ապրիլին.

Մտածականները մեզի պիտի օգնեն հասկանալու, թէ որքան կարևոր է «ընկալել Աւետարանական դարձի շարժականութիւն» և «թոյլ տալու` որ Սուրբ Հոգին ձևաւորէ մեզ որպէս նոր արարածներ», որպէսզի «խարսխուած մնանք Անոր մէջ ոչ միայն խօսքերով, այլեւ գործերով և ճշմարտութեամբ», գրուած է Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան այս առիթով ուղարկած հրաւէրին մէջ.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2025, 11:30