Որոնել

2022.02.11 Anuario Pontificio 2022

Հրատարակուեցաւ 2025ի Քահանայապետական տեղեկագիրը եւ 2023ի Եկեղեցւոյ վիճակագրական տարեգիրքը. Աշխարհաիս Կաթողիկէներու թիւը աճած է

2025 Քահանայապետական տեղեկագիրը ​​եւ 2023-ի Եկեղեցւոյ վիճակագրական տարեգիրքը, որ կազմուած է Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կենտրոնական գրասենեակի կողմէ ընդհանուր ակնարկ մը կը ներկայացնեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքի մասին ու անոր հովուական գործունէութեան հիմնական քանակական երևոյթներու մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կենտրոնական գրասենեակի կողմէ ամէն տարի հրատարակուած Քահանայապետական տեղեկագիրը եւ Եկեղեցւոյ վիճակագրական տարեգիրքը ընդհանուր ակնարկ մը կը ներկայացնեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքի մասին ու անոր հովուական գործունէութեան հիմնական քանակական երևոյթներու մասին։

Այս եղաւ նաեւ պարագան այս տարի` 2025 -ին հրատարակուած տեղեկագրին եւ 2023 տարուան հայող տարեգիրքին, որոնցմէ ի յայտ կու գայ, որ Կաթողիկէներու թիւը աճած է 1,15% 1 միլիոն 390 հազարէ անցնելով 1 միլիոն 406 հազարի ուր Ափրիկեան ցամաքամասը արձանագրած է նշանակալի աճ (+3,31%) մինչ Եւրոպայի մէջ աճը միայն (+0,2%).

Եպիսկոպոսներ, Քահանաներ, նորընծաներ

Եպիսկոպոսներուն թիւը եւս աճ արձանագրած է 1,4% եւ 2023ին անոնց թիւը հասած է 5.430։ Նոյն տարուայ ընթացքին Քահանաներուն թիւը նուազած է նախորդ տարուայ 2022ի բաղբաղմամբ, մինչ սարկաւագներուն թիւը աճած է 2,6% հասնելով 51.433-ի։ Կրօնաւոր – կրօնաւորուհիներուն թիւը կը շարունակէ նուազիլ, նոյնը կը կատարուի նաեւ Աւագ Նորընծաներու պարագային։

Վերոնշեալ տեղեկագիրէն ու տարեգիրքէն ի յայտ կու գայ նաեւ, որ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուած է մէկ Մետրոպոլիտական Աթոռ, երեք եպիսկոպոսական աթոռներ բարձրացած են Մետրոպոլիտական աթոռներու, ստեղծուած են 7 նոր Թեմեր. Եպիսկոպոսական աթոռ մը բարձրացուած է արքեպիսկոպոսական աթոռի, իսկ Առաքելական Կառավարութիւն մը դարձածէ թեմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 09:17