Վատիկանի նամակատուն. Պատրաստ է Լեւոն ԺԴ-ի դրոշմաթուղթերու առաջին շարքը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պատրաստ են Վատիկան քաղաքի Լեւոն ԺԴ. Պապին նուիրուած դրոշմաթուղթերը։
Վատիկանի նամակատունը տեղեկացուց, որ 27 մայիսին պիտի հրապարակուին Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան նուիրուած շարք մը նոր դրոշմաթուղթեր՝ չորս արժէքներով։ Պիտի հրապարակուին նաեւ 2025 թուականին արդեն նախատեսուած նոր դրոշմաթուղթեր, նուիրուած Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700 ամեակին եւ Ճովաննի Փիերլուիճի տա Փալեսթրիան ծննդեան հինգերորդ տարեդարձին, Սրբուհի Վինսէնթ Մարիայի սրբադասման 50-րդ տարեդարձին, ինչպէս նաեւ ուրիշ դրոշմաթուղթեր։
Ինչ կը վերաբերի Լեւոն ԺԴ. Պապի Քահանայապետութեան սկիզբի նուիրուած շարքին, 1,25 արժողութեան դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Քահանայապետը՝ սուրբ Պետրոսի տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, հաւատացեալները ողջունելու ժամանակ՝ Իր ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ։
2,25 արժողութեամբ դրոշմաթուղթը կը պատկերացնէ Քահանայապետին հաւատացեալներուն եւ աշխարհին ուղղած առաջին ողջոյնի պահը։ Մինչ 1,30 եւ 3,20 արժողութեամբ դրոշմաթուղթերը կը պատկերացնեն 9 մայիսին, Սիքստինեան մատրան մէջ, Քոնքլաւի աւարտին մատուցած պատարագի պահերը։
Նամակատունի կնիքին մէջ պատկերուած է Լեւոն ԺԴ Պապին այն պահը, երբ 15 մայիսին Մարեմեան աղօթքի աւարտին կ՝ողջունէ հաւատացեալները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ