Խաղաղութեան ճանապարհը պէտք է անցնի համբերութեան եւ հաստատակամութեան, քաջութեան եւ ստեղծագործութեան ուղիով․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
19 Մայիսին, Նիւ Եորքի մէջ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին շնորհուեցաւ «Path to Peace - Ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն» հիմնադրամի մրցանակը, որ ստեղծուած է 1991 թուականին՝ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի այդ ժամանակ Մշտական դէտ Արքեպիսկոպոս Ռենաթօ Ռաֆայէլէ Մարթինոյի կողմէ։
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ «Ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն» մրցանակը», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը իր ելոյթին սկիզբը եւ հաստատեց, որ կ’ընդունի զայն «Սուրբ Աթոռի, եւ, առաջին հերթին, Պետքարտուղարութեան անունով, որ անխոնջ կերպով կ’աշխատի Սրբազան Քահանայապետին համար՝ մեր աշխարհի մէջ խթանելու խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը»:
«Այս երեկոյ շնորհուած պատիւը կը գերազանցէ անձնականը եւ կը մարմնաւորէ համագործակցութեան ոգին, որ հիմքն է մեր սրբազան առաքելութեան՝ ապաքինման եւ հաշտութեան համար աղաղակող աշխարհի մը մէջ», շարունակեց Ծիրանաւորը, որ ասկէ մեկնելով յիշեցուց, որ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան առանցքը կը կազմէ Պետրոսի տարբեր իրաւայաջորդներու՝ առանց հակամարտութիւններու աշխարհի յօգուտ անցած ուղին:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ 2025ին կը նշուի Սուրբ Պօղոս Զ․ Պապի ՄԱԿ այցելութեան 60ամեակը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի երկրորդ այցի 30ամեակը եւ Գլխաւոր Վեհաժողովին Ֆրանչիսկոս Պապի ելոյթի 10ամեակը, եւ ընդգծեց, թէ ինչպէս «իւրաքանչիւր Քահանայապետ իր օրօք լոյս սփռած է դէպի աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ տանող ճանապարհ՝ առաջարկելով սահմաններէն անդին իմաստութիւն»:
Նախորդ Քահանայապետերու խօսքերը
Ըսուածի շրջագիծէն ներս Վատիկանի Պետքարտուղարը յղում կատարեց վերջին Քահանայապետերու խօսքերուն՝ Պօղոս Զ․էն սկսեալ, որ 1965 թուականին «մարգարէական պարզութեամբ» յայտարարեց, որ կայուն խաղաղութիւնը պէտք է «արմատաւորուի հոգեւոր եւ բարոյական նորոգութեան մէջ»։ Այս խօսքերն այսօր ալ «կը պահպանեն իրենց հրատապութիւնը»՝ յիշեցնելով, որ «արհեստագիտական առաջընթացն առանց բարոյական զարգացման մարդկութիւնը կը ձգէ վտանգաւոր անհաւասարակշիռ իրավիճակի մէջ», շեշտեց Կարդինալ Փարոլինը:
Ան այնուհետեւ մէջբերեց 1979ին Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կոչը մարդկութեան, որպէսզի առերեսուի եւ՛ հսկայական բարիք, եւ՛ անասելի դաժանութիւն իրագործելու իր կարողութեան հետ՝ շեշտելով իւրաքանչիւր անձի ներքին եւ անձեռնմխելի արժանապատւութիւնը: Քարոլ Վոյթիլան հիմնուելով «ամբողջատիրութեան եւ պատերազմի սեփական փորձէն»՝ պատմած է Հոլոքոսթի եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին «ոչ միայն որպէս պատմական իրադարձութիւններ, այլ որպէս բարոյական մարտահրաւէրներ, որոնք կը շարունակեն պահանջել մեր պատասխանը», յարեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը։
Ան յղում կատարեց ապա Պենետիկտոս ԺԶ.ի 2008 թուականին արտասանած խօսքերուն, առ այն, «որ մարդու արժանապատւութեան պաշտպանութիւնը պէտք է դիտուի որպէս ողջ միջազգային հանրութեան «հաւաքական պատասխանատուութիւն»։ Մինչ 2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը ուշադրութիւնը բազմիցս հրաւիրած է «շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ ընկերային արդարութեան փոխկապակցման» վրայ՝ քննադատելով «թափօնի մշակոյթը»:
Աւանդոյթը կը շարունակուի Լեւոն ԺԴ․ Պապին հետ, շեշտեց Ծիրանաւորը, որ որպէս Քահանայապետ առաջին օրէն կոչ ըրաւ «զինաթափուած եւ զինաթափեցնող» խաղաղութեան՝ որպէս «դրական ուժ» «հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով բզքտուած» աշխարհի մը մէջ:
Համագործակցութիւն Սուրբ Աթոռի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ
Այս համատեքստի մէջ Պետքարտուղարը հաստատեց, որ իրեն շնորհուած մրցանակը «կը ճանչնայ ՄԱԿ-ի հետ Սուրբ Աթոռի սատարող, թէեւ երբեմն քննադատական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք է բոլոր այն անհատներուն, որոնք կ’աջակցին Սրբազան Քահանայապետին իր առաքելութեան մէջ»:
Պնդելով ապա, որ «խաղաղութեան ճանապարհը պէտք է անցնի համբերութեան եւ հաստատակամութեան, քաջութեան եւ ստեղծագործութեան ուղիով», եւ որ «Պապերը մեզի մատնանշած են այդ ճանապարհը», Կարդինալ Փարոլինը աւելցուց, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պէտք է շարունակէ «նորոգել ինքզինք ոչ միայն որպէս հաստատութիւն, այլեւ բարոյապէս եւ հոգեպէս»։ Յանձնառութիւն, որ ըստ Պետքարտուղարի, «պայմանագրերու կամ բանաձեւերու» տեսքով չէ, այլ՝ «մարդկային սրտի փոխակերպմամբ՝ յանուն իւրաքանչիւր մարդու արժանապատւութեան նկատմամբ աւելի մեծ արդարութեան, կարեկցանքի եւ յարգանքի»։
Ի վերջոյ Կարդինալ Փարոլինը շնորհակալութիւն յայտնեց «Ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն» հիմնադրամին՝ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական դէտին եւ Սուրբ Աթոռի խաղաղապահ առաքելութեանը աջակցելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ