«Սանթա Սոֆիան»՝ ուքրանացի ժողովուրդի տոկունութեան եւ յոյսի կենդանի վկայութիւն․ Կարդինալ Միքոլա Պիչօք
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
22 Յունիս 2025ին, Ուքրանիոյ բոլոր Սուրբերու տօնին, զոր ուքրանական յոյն-կաթողիկէ Եկեղեցին կը նշէ Պենտեկոստէին յաջորդող երկրորդ կիրակի օրը, Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի եւ Ովկիանիայի ուքրանացի կաթողիկէներու առաջնորդ Կարդինալ Միքոլա Պիչօքը՝ հանդիսաւոր ու բազմամարդ Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ ստանձնեց Հռոմի մէջ գտնուող «Սանթա Սոֆիա» Պազիլիքային կոչումը։
Հոգեւորութեան եւ օժանդակութեան կեդրոն
«Սանթա Սոֆիան» Հռոմի ուքրանական յոյն-կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր սիրտն է եւ ռուս-ուքրանիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր դարձած է օգնութեան եւ համերաշխութեան կեդրոն ուքրանացիներու համար։ Եկեղեցիին ղեկը ստանձնել կը նշանակէ «խորը կապ հաստատել հաւատացեալներու սերունդներու հետ, յատկապէս անոնց, որոնք կրած են աքսորի, հալածանքի եւ տեղահանութեան խաչը», ընդգծեց Կարդինալ Պիչօք իր քարոզին մէջ՝ յղում կատարելով Խորհրդային Միութեան բանտերուն մէջ խոշտանգումներու ենթարկուած Արքեպիսկոպոս Ճոզիֆ Սլիպիյը, որուն ջանքերով 1960ական թուականներուն կառուցուած է «Սանթա Սոֆիան»։
Միասին «կանչուած ենք հռչակելու Յարութիւն առած Քրիստոսը մեր կեանքով»
Հետեւաբար, ըստ Ծիրանաւորի, Եկեղեցին պարզ շինութիւն մը չէ, այլ՝ կոչուած ըլլալով «ներկայացնել այդ բռնութեան հոգեւոր աւարտը եւ արդար խաղաղութեան գալը», «ուքրանացի ժողովուրդի տոկունութեան եւ յոյսի կենդանի վկայութիւնն է»։
Կարդինալ Պիչօք անդրադարձաւ նաեւ պատերազմական այլ վայրերու մէջ բռնութիւններու եւ տեղահանումներու զոհ դարձած անձերուն աւելցնելով, որ «դուք մոռցուած չէք», միասին «կանչուած ենք հռչակելու Յարութիւն առած Քրիստոսը մեր կեանքով»:
Կարդինալը ի վերջոյ յիշեց Լեւոն ԺԴ․ Պապի՝ Քահանայապետութեան սկզբին արտասանած խօսքերը առ այն, որ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ յոյսի սրբավայր, խաղաղութեան ձայն եւ լոյս, որուն ոչ մէկ խաւար չէ կարող յաղթահարել: Բառեր, որոնք «մարտահրաւէր» են՝ «ըլլալու համարձակ հաւատքով եւ քնքուշ սիրով, քալելու անոնց հետ, որոնք կը տառապէն եւ ճառագայթելու Քրիստոսի ներկայութիւնը աշխարհի բոլոր անկիւններու մէջ»:
«Սանթա Սոֆիա» Պազիլիքային տիտղոսը եւ Կարդինալ Պիչօքը
«Սանթա Սոֆիան» առաւելապէս յայտնի է «ուքրանացիներու եկեղեցի» անունով եւ տակաւին 1985 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի օրօք ստացած է կարդինալական տիտղոս։
2024 թուականի Դեկտեմբերին, վերջին Քոնչիսթորոյի ատեն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մելպուռնի Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս թեմի եպիսկոպոս Միքոլա Պիչօքին շնորհած էր կարդինալի տիտղոս։ 45ամեայ Պիչօքը՝ 21 նորանշանակ Ծիրանաւորներէ ամենէ երիտասարդը, ուքրանական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եօթներորդ Կարդինալն է եւ երրորդը, որ ստացած է «Սանթա Սոֆիա» Պազիլիքային տիտղոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ