Գերապայծառ Կալլակեր Քուպայի մէջ. Խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն` Եկեղեցւոյ առաքելութեան երեք սիւները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր առաքելութեամբ մեկնած է Քուպա, Սուրբ Աթոռի եւ Քուպայի միջեւ դիւանագիտական կապերուն հաստատման 90-րդ ամեակին առթիւ։
Այցելութեան ծիրէն ներս արքեպիսկոպոսը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Քուպայի մայրաքաղաք՝ Հաւանայի մէջ։ Քարոզին մէջ Ան յիշեց Եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմնարար երեք սիւները՝ Արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ճշմարտութիւն, ընդգծելով, որ ճշմարտութեան արժէքը էական է կառուցելու համար խաղաղ յարաբերութիւններ եւ յարգալից երկխօսութիւն աշխարհին հետ։
Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղարը` ընդգծեց նաեւ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը Քուպայի ժողովուրդին՝ Առաքելական նուիրակներուն աշխատանքներուն, Քահանայապետերուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ տասը տարի առաջ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւններու միջոցաւ։
«Նշանակալից այցելութիւններ այս հրաշալի կղզիին, իրականացուած Քրիստոնեաներու միջեւ միութեան եւ Ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան սկզբունքներուն վրայ», ըսաւ Ան։
Խօսքը կեդրոնացնելով ապա հաղորդութեան վրայ, Գերապ. Կալլակեր զգուշացուց այն վտանգներէն, որոնք կարող են խաթարել հասարակութիւնը. Աւետարանը խեղաթիւրելու եւ տարբեր վարդապետութիւններով տարուելու վտանգներ։
«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կայանայ յոյս սերմանելու եւ ուրիշներուն ծառայելու մէջ, որ կը դրսեւորուի բարեգործութեան միջոցաւ, ոչ թէ որպէս մուրացկանութիւն, այլ որպէս Աստուծոյ մեծագոյն սէրը», ըսաւ Արքեպիսկոպոս Կալլակերը շեշտը դնելով, որ ճշմարտութեան եւ ընդհանուր բարօրութեան մէջ արմատաւորուած բարեգործութիւնը միշտ պէտք է ուղեկցի արդարութեան, խաղաղութեան եւ ճշմարտութեան սկզբունքներուն, նաեւ Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն յարաբերութիւններուն ներքեւ։
«Յարգելով այդ հիմնարար արժէքները, Սուրբ Աթոռը միշտ յանձնառու է համագործակցելու Քուպայի իշխանութիւններուն հետ» ըսաւ ի վերջոյ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ