Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (ANSA)

Սուրբ Պետրոսի Գանձանակը. 2024 թուականին աճած է Պապին առաքելութեան համար եկամուտը

Հրապարակուեցաւ Քահանայապետին յատկացուած նուիրատուութիւնները հաւաքող հիմնադրամին 2024 թուականի զեկոյցը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2024 թուականին Սուրբ Պետրոսի գանձանակը գրանցած է 58 միլիոն եւրօ ընդհանուր եկամուտ, ինչ 6 միլիոն եւրօ աւելի է 2023 թուականի համեմատ։ Ընդհանուր ծախսերը կազմած են 75,4 միլիոն եւրօ, որոնք հիմնականին մէջ յատկացուած են Սուրբ Աթոռի գործունէութեան եւ կարիքաւորներուն օգնելու ծրագիրներուն։ Յատուկէն 61,2 միլիոն եւրօ օգտագործուած է Սուրբ Աթոռի գործունէութեան համար՝ վերատեսչութիւններուն միջոցաւ, մինչ 13,3 միլիոն եւրօ ներդրում կատարուած է տարբեր երկիրներու մէջ՝ մարդասիրական օգնութեան համար, որոնք շարքին, Սենեկալ, Փերու, Ռոմանիա, Պենին, Անկոլա եւ այլ երկիրներուն մէջ։

Տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Քահանայապետը Հռոմի Քուրիայի միջոցաւ, 37,3 եւոր նուիրաբերած է բարեսիրական աշխատանքներուն համար, որուն 6,2 միլիոն եւրօ ֆինանսաւորուած է Սուրբ Պետրոսի գանձանակով։ 

Նուիրատուութիւններու առումով, 2023 թուականին Սուրբ Պետրոսի գանձանակը ստացած է 54,3 միլիոն եւրօ եւ այլ 3,7 միլիոն գումար աւելցուած է ֆինասնական եւ այլ եկամուտներով։ Նուիրատուութիւններուն հիմնական աղբիւրները եղած են թեմերը, (59 առ հարիւրը, 31,8 միլիոն գումարով եւ անհատական աղբիւրները (16 առ հարիւր 8,9 միլիոն), գումարով, հիմնադրամները, (12,2 միլիոն) ինչպէս նաեեւ կրօնական հաստատութիւնները (1,4 միլիոն)։ Ամենաշատ նուիրող երկիրները եղած են Միացեալ Նահանգները (25,2%), Ֆրանսան, (15%), Իտալիան (5,2%), Պրազիլը (3%) եւ Գերմանիան (2,8%)։

Ծախսերու առումով 2024 թուականին յատկացուած են 74,5 միլիոն Եւրօ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան եւ տարբեր երկիրներուն մէջ մարդասիրական օգնութիւններուն։ Ասոնց շարքին են, Սենեկալի մէջ կրթական կեդրոնի կառուցումը, Փերույի մէջ եկեղեցւոյ եւ Թայլանտի մէջ փոքիկ պանդոկի մը կառուցումը։ Ֆինանսաւորուած են 239 ընկերային ծրագիրներ, 66 երկիրներուն մէջ։

2024 թուականին Քահանայապետին առաքելական միսիոնի ընդհանուր ծախսերը կազմուած են մօտաւորապէս ընդհանուր 367,4 միլոն, որուն մօտ 17 առ հարիւրը ծածկած է Սուրբ Պետրոսի գանձանակը, զօրակցելով աւետարանումի, եղբայրասիրական, դժուարութիւններու մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ տիեզերական եկեղեցւոյ միջոցառումներու գործունէութեան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2025, 13:38