Որոնել

2024.06.29 Santa Messa nella Solennità dei Santi Pietro e Paolo Apostoli

Պաշտպան Սուրբերու տօներուն առիթով պատուիրակութիւններու փոխանակում ընդմէջ Սուրբ Աթոռի եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան

Կիրակի 29 Յունիսին Պատուիրակութեան անդամները պիտի մասնակցին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին նուիրուած Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած պատարագին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պաշտպան Սուրբերու համապատասխան տօներուն առիթով պատուիրակութիւններու աւանդական փոխանակումի ծիրէն ներս, 29 Յունիսին Հռոմի մէջ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ եւ 30 Նոյեմբերին Իսթանպուլի մէջ Սուրբ Անդրէասի տօնակատարութեան առիթով, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւն մը 27էն 29 Յունիս 2025-ին այցելութեամբ կը ժամանէ Հռոմ». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ` որ Պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Քաղկեդոնի Մետրոպոլիտ Էմմանուէլը, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու Տիեզերական Պատրիարքութեան Սիւնհոդոսական Յանձնախումբի նախագահն է, որուն պիտի ընկերանան Հայր Աէթիոսը եւ Հայր Երոնոնիմոսը։

Շաբաթ 28 Յունիսին Պատրիարքական վերոնշեալ պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կողմէ ապա աւանդական հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան հեր։

Կիրակի 29 Յունիսին Պատուիրակութեան անդամները պիտի մասնակցին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին նուիրուած Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2025, 12:00