Որոնել

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Արք. Կալլակեր. Կաթողիկէ համալսարանները ոչ թէ փղոսկրեայ աշտարակներ են՝ այլ խաղաղութեան դարբնոցներ

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Կալլակեր, յուլիս 28ին, ելոյթ ունեցաւ Մեքսիքոյի Գւադալախար քաղաքին մէջ կայացած կաթողիկէ համալսարաններուն դաշնութեան ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Կալլակեր, յուլիս 28ին, ելոյթ ունեցաւ Մեքսիքոյի Գւադալախար քաղաքին մէջ կայացած կաթողիկէ համալսարաններուն դաշնութեան ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան։

Ան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ ինչ ինչպէս աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ դիւանագիտութիւնը ընդլայնուած է՝ ներառնելով մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ արուեստի ոլորտները՝ խթանելով փոխ ըմբռնումն ու համագործակցութիւնը։

Մասնաւորապէս Վատիկանի դիւնաագէտը ընդգծեց Կաթողիկէ համասպրաններու դերը, որպէս խաղաղութեան գործիքներ, որոնք կարող են կամուրջներ կառուցել մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ՝ ակադեմիական փոխանակումի, համագործակցային հետազօտութիւններուն եւ բարոյական երկխօսութեան միջոցաւ։

Արք Կալլակեր վերահաստատեց որ իսկական կաթողիկէ համալսարանը կը միաւորէ հաւատքն ու բանականութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութիւնը, որպէս իր հիմք եւ նպատակ ընդունելով ու կը ձգտի նպաստել ճշմարտութեան որոնման ու նշեց թէ, ինչպէս միջազգային փոխանակումնները եւ կրթութիւնը խաղաղութեան սերմեր են, որոնք կաող են մարտահրաւէր նետել նախապաշարումներուն եւ ստեղծել երկարատեւ բարեկամութիւններ։
«Կաթողիկէ համալսարանները, ոչ թէ փղոսկրեայ աշտարակներ են ՝ այլ խաղաղութեան դարբնոցներ» ըսաւ Ան։

Վատիկանի դիւանագէտը իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ որ, դիւանագիտութեան ուսուցումի հիմնական ոլորտները միջազգային իրաւունքներն ու մարդու իրաւունքներն են, ինչպէս նաեւ աւելի լայն թեմաներ, որոնք անհրաժեշտ են խաղաղութեան եւ հակամարտութեան մարտահրաւէրները լուծելու համար։

Վերջապէս Արք Կալլակեր ելոյթը աւարտեց յիշեցնելով Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը միջազգային երկխօսութեան մէջ խթանելով խաղաղութիւնը ինչպէս նաեւ անենախոցելի անձերուն մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութիւն, չէզոք եւ ներառական մօտեցումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2025, 09:53