Որոնել

2025.07.11 Il fratello marista Lycarion May che domani sarà beatificato a Barcellona

Պարսելոնայի մէջ Երանելի կը հռչակուի եղբայր Լիքարիոն Մայը` աղքատներուն դաստիարակը

Յուլիսի 26-էն 27 երկարող գիշերը Մարիսթ հայրերու դպրոցի շէնքը հրկիզուեցաւ եւ 27-ի առաւօտեան ապստամբները կրակ բացին հոգևորականին վրայ եւ Ան մահացու կերպով վիրաւորուեցաւ, ապա խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` Շաբաթ 12 Յուլիս 2025-ին  Պարսելոնայի մէջ երանելի կը հռչակուի զուիցերացի Մարիսթ միաբանութեան եղբայր` Լիքարիոն Մայը (Աւազանի անունով՝ Ֆրանսուա Պենժամէն), որ եղած է աղքատներուն դաստիարակը եւ նահատակուած է 1909-ին «Ողբերգական շաբաթուայ» ընթացքին։

Արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն։

Լիքարիոն Մայը ծնած է Զուիցերիա` 21 Յուլիս 1870-ին եւ 18 տարեկանին անդամակցած է «Frères Maristes» միաբանութեան եւ 15 օգոստոս 1888-ին հագած է միաբանութեան սքեմը առնելով Լիքարիոն անունը ու մշտնջենաւոր ուխտերը կատարելէն ետքը մեկնած է Քաթալոնիա ապա Ճիրոնա։

Սպանիայի տարբեր քաղաքներուն մէջ ծառայելէն ետքը ան փոխադրուածէ Պարսելոնա ու իր ծառայութիւնը մատուցածէ Փուեպլօ Նուէվօ աղքատ թաղամասին մէջ, ուր կը հիմնած է դպրոց մը դառնալով անոր տնօրէնը։

1909 թուականին Երկրին մէջ տիրող անկարգութիւններու ժամանակ, դպրոցը կը հրկիզուի եւ եղբայր Լիաքրիոնը կը սպաննուի դառնալով հաւատքի նահատակ։

Արդարեւ Յուլիսի 26-էն 27 երկարող գիշերը Մարիսթ հայրերու դպրոցի շէնքը կը հրկիզուի եւ 27-ի առաւօտեան ապստամբները կրակ կը բանան հոգևորականին վրայ եւ Ան մահացու կերպով վիրաւորուելէն ետքը կ՛ենթարկուի նաեւ ապա խոշտանգումներու։

«Լիքարիոնի հոգևոր ժառանգութիւնը կարելի է ամփոփել երեք կէտերու մէջ. «Ան իր կոչումը ապրեցաւ՝ եղբայրութիւնը ընդգծելով որպէս համընդհանուր կոչում ու ինքզինք համարելով բոլորի եղբայր։ Աւելին, Ան իր ուսանողներուն համար շատ ներկայ մանկավարժ էր՝ ցոյց տալով, որ Աւետարանը հիմնականին մէջ չի փոխանցուիր լոկ քարոզներու կամ վարպետօրէն գրուած դասախօսութիւններու միջոցաւ, այլ մտերմութեան, երկխօսութեան և յարգանքի միջոցաւ։ Եւ վերջապէս, միջ-մշակութային յարաբերութիւնները. Լիքարիոնը զուիցերացի էր, որ իր կեանքը անցուց սպանիայի մէջ։ Անոր կեանքը մեզի մարտահրաւէր կը նետէ` ապրիլ միջ մշակութային միջավայրի մէջ՝ խթանելով փոխ ըմբռնումը, հաշտեցումը և խաղաղութիւնը» յայտարարած է Երանացման առիթով Եղբ. Guillermo José Villarreal Cavazos-ը` Լիքարիոնի սրբադասման դատի խնդրարկուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2025, 07:54