Արք Քաչիա. Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը պարտքի անմիջական կրճատման հարցին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ, Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, Արք Կապրիէլէ Քաչիա ընդգծեց աղքատ երկիրներու մէջ պարտքի բեռի լուծման կարեւորութիւնը՝ արդար եւ արդիւնաւէտ կայուն զարգացումի հասնելու համար, ընդամէնը, 2030 թուականի օրակարգի հասնելէն մի քանի տարի առաջ։
«High-Level Political Forum - Բարձր մակարդակով քաղաքական վեհաժողով»ին ընթացքին Արք Քաչչիա ընդգծեց, որ լայնօրէն տարածուած աղքատութիւնը կը խոչընդոտէ նիւթական բարեկեցութիւնը եւ կը խաթարէ մարդկային արժանապատուութիւնը՝ ներկայացնելով բարոյական հրամայական մը մարդկային ընտանիքին համար։
Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց, թէ ինչպէս պետական պարտքը կը խոչընդոտէ աղքատութեան դէմ պայքարը, որովհետեւ աւելի քան 3.4 միլիառ մարդ կ՝ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք աւելի շատ կը ծախսեն տոկոսներուն վճարումին վրայ, քան առողջապահութեան եւ կրթութեան վրայ։
Հետեւաբար Սուրբ Աթոռը կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատել պարտքերը, ներառեալ պարտքերու չեղարկումը եւ վերակառուցումը, ինչպէս նաեւ հասանելիութիւն ունենան դիւրին ֆինանսաւորման, յատկապէս Ափրիկեան երկիրները ամենաքիչ զարգացած երկիրները եւ ցամաքով շրջապատուած երկիրները, որոնց պարտքերը անկայուն են։
Արք Քաչիա անդրադարձաւ նաեւ բնապահպանական հարցին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով փոքր կղզի-պետութիւններուն պարտքի ճգնաժամի բարձր վտանգին վրայ, որոնց գրեթէ 40%-ը արդեն իսկ դժուարութիւններուն մէջ են կամ ալ բարձր վտանգի տակ։ Արքեպիսկոպոսը կոչ ուղղեց ճանչնալու առեւտրային անհաւասարակշռութեան եւ բնական պաշարներուն անհամաչափ օգտագործումի հետ կապուած բնապահպանական պարտքը, որ ամենաշատ կ՝ազդէ ամենաղքատ եւ ամենախոցելի երկիրներուն վրայ, որոնք կը տառապին կլիմայի փոփոխութեան ամենալուրջ հետեւանքներէն։
Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ համաշխարհային պարտքի ճարտարապետութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը՝ խթանելով շրջակայ միջավայրի արդարութիւնը եւ յարգելով մարդկային արժանապատւութիւնը։
Պարտքի զեղչը կարող է խթանել ենթակառուցուածքներուն առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներէն ներս ներդրումները, որոնք կարեւոր են զարգացման նպատակներուն համար։ Քանի որ 2030 թուականի օրակարգի նպատակներուն հասնելու համար մնացած է ընդամէնը հինգ տարի, Արք Քաչիա կոչ ըրաւ միջազգային գործողութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութեան, յիշեցնելով որ ժամանակը կը պահանջէ նաեւ անարդար կերպուվ կուտակուած հարստութեան վերականգնումը եւ վերաբաշխումը՝ որպէս անձնական եւ քաղաքացիական հաշտութեան գործողութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ