Որոնել

Ասորի Մալապարներ եկեղեցւոյ հաւատացեալներ Ասորի Մալապարներ եկեղեցւոյ հաւատացեալներ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Հնդկաստան. Աւարտեցաւ Սուրբ Աթոռի Ասորի Մալապարներու միջեւ միջամտութեան աշխատանքը։

Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ Բիւզանդացիներուն Košice թեմի արքեպիսկոպոս գերպայ Սիրիլ Վազիլի նկատմամբ սրտանց երախտագիտութիւնը, որ կատարած է իր առաքելութիւնը որպէս Պապական նուիրակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկու տարի առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը Բիւզանդացիներուն Košice թեմի արք, Քիր Սիրիլ Վազիլին յանձնած էր խաղաղութիւնը վերականգնելու առաքելութիւնը բաժնուած եւ ծիսական հարցերուն շուրջ պայքարող համայնքին մէջ։

7 յուլիսին, ըստ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատսեչութեան հրապարակած յայտարարութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը «սրտանց երախտագիտութիւն» յայտնած է Բիւզանդացիներուն Košice թեմի արք, Քիր Սիրիլ Վազիլին, կատարած աշխատանքին համար, որպէս Պապական նուիրակ։

2023 Թուականին օգոստոսին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամը առաջին անգամ այցելած է Ernakulam-Angamaly արքեպիսկոպոսարանը ՝լուծում գտնելու համար ծիսական հարցերու շուրջ։

Առաջին առաքելութենէն ետք, 2023 թուականին դեկտեմբերին, գերպ Վազի երկրորդ անգամուան համար վերադարձած է Ասորի Մալապարներուն արքեպիսկոսարանը, շարունակելու համար միջամտութեան աշխատանքը։ Այդ ժամանակ, 7 դեկտեմբեր 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապը որոշած է դարձեալ միջամտել իրավիճակը հանգստացնելու համար ու պատկերասփռուած պատգամով մը հրաւիրած է լուծել խնդիրները, միաժամանակ պահպանելով հաղորդութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2025, 11:37