Արք Կալլակեր. Քահանայապետը կը հաւատայ բազմակողմնութեան, որպէսզի ոչ մէկը անտեսուած ըլլայ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 25 յուլիսին, Մեքսիքօ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, այցելեց Մեքսիքոյի մէջ Պապական նուիրակութեան պալատ, մասնակցելու համար Լեւոն ԺԴ. Պապին քահանայապետ ընտրուելու կապակցութեամբ կազմակերպուած «Պապին Տօնին»։ Արքեպիսկոպոսը Մեքսիքօ ժամանեց 24 յուլիսին ու կը մնայ մինչեւ 29ը յուլիս՝ մասնակցելու համար Կաթողիկէ համալսարաններուն միջազգային դաշնութեան ընդհանուր ժողովին, որ պիտի գումարուի Կուատալաժարայի մէջ
«Պապին տօնին» տօնակատարութեան ժամանակ Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր իր ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց կենսունակ եւ արդարադատութեան վրայ կեդրոնացած դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը, որ կը լսէ տեղահանուած գաղթականներուն եւ շահագործուած անձերուն լուռ տառապանքները։ Ան ապա յիշելով եկեղեցւոյ պատմական դերը Մեքսիքոյի մէջ, ընդգծեց որ Կուտալուփէի Տիրամայրը կը ներկայացնէ մշակոյթներուն եւ ժողովուրդներու միջեւ միութեան կամուրջ ու վերահաստատեց Եկեղեցւոյ ներդրումը երկխօսութեան, խաղաղութեան խթանման, խոցելի անձերուն աջակցութեան գործին մէջ, ընդգծելով որ իրական քաղաքականութիւնը արդարութեան արարք է որ ոգեշնչուած է ունկնդրութեամբ եւ սէրով։
Արք Կալլակեր իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը հաւատայ բազմակողմնութեան որպէս ամենախոցելի մարդոց կարիքները լսելու եւ արձագանգելու միջոց եւ ոչ որպէս վերացական դիւանակալութիւն,
Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց իրական երկխօսութեան եւ խոր լսողութեան կարեւորութիւնը, որ թոյլ կու տայ տեսնելու Քրիստոսի դէմքը ուրիշներուն տառապանքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ