Կլիմայական արդարադատութիւն. Հարուստ երկիրները թող ճանչնան բնապահպանական պարտքը աշխարհի հարաւի նկատմամբ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «Կլիմայի արդարադատութեան եւ ընդհանուր տան համար կոչ» վերնագիրով փաստաթուղթ մը, կազմուած Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն կողմէ եւ համակարգուած Լատին Ամերիկային Քահանայապետական յանձնաժողովէն։
Ներկայացուցած Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, որ կլիմայական ճգնաժամը, արդարութեան եւ արժանապատուութեան եւ մեր ընդհանուր տան նկատմամբ հոգատարութեան խնդիր է ու կը պահանջէ անյապաղ գործողութիւններ եւ խոր բնապահպանական դարձ։
Կլիմայակական արդարադատութեան եւ ընդհանուր տան խնամքի նուիրուած վերոյիշեալը փաստաթուղթը պատրաստուած է ի տես Պրազիլի մէջ կայանալիք COP30 վեհաժողովին, ան կոչ մըն է հասնելու աւելի մեծ արդարութեան բնիկ ժողովուրդներուն, խոցելի համայնքներուն, ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուած վերոյիշեալ փաստաթուղթը՝ զոր զեկուցողները ներկայացուցին Քահանայապետին՝ նախքան մամլոյ ասուլիսը, ցոյց կու տայ այն պարտաւորութիւնները, որոնք եկեղեցին կարող է իրականացնել՝ ինչպէս պաշտպանել խոցելիները կլիմայի եւ բնութեան վերաբերեալ կայանալիք որոշումներուն մէջ, խթանել զօրակցութեան վրայ հիմնուած համակարգերը, ամրապնդել միջցամաքային դաշինքը աշխարհի հարաւի երկիրներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ստեղծել յատուկ «կլիմայական արդարադատութեան դիտարան», ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցած COP վեհաժողովներուն արդիւնքները վերահսկելու համար։
Փասաթուղթը ներկայացնելու ժամանակ զեկուցողները ընդգծեցին նաեւ, որ կլիմայական արդարադատութիւնը կ՝ենթադրէ նաեւ տնտեսական ձեւի փոփոխութիւն, ուր հարուստ երկիրները կանչուած են ճանչնալու իրենց ընկերային եւ բնապահապանական պարտքը։
Անոնք կ՝ընդգծեցին նաեւ Ափրիկէի, հարաւային աշխարհի դերը որպէս շահագործումի եւ խոցելիութեան օրինակներ եւ շեշտեցին շօշափելի գործողութիւններուն անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս անտառահատումներու կրճատումը, բրածոյ վառելանիւթի օգտագործումի դադրեցումը՝ պատմական վնասները եւ կլիմայական ճգնաժամերը կայուն ձեւով դիմագրաւելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ