Սլովաքիոյ Զվիր լերան վրայ Տիրամօր պաշտամունքի մեկնարկի արտօնութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութիւնը աւարտած է 1990-1995 թուականներուն Սլովաքիոյ Լիթմանովա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ենթադրեալ Տիրամօր երեւումներուն գնահատումը՝ հաստատելով հանրային պաշտամունքի արտօնութիւնը՝ առանց ճանչնալու երեւոյթի գերբնական վաւերականութիւնը։
Կարդինալ Վիլթոր Ֆէրնանտէզի կողմէ Փրէշովի արքեպիսկոպոս Յոնաշ Եոզէֆ Մաքսիմի ուղղուած նամակին մէջ հաղորդուած որոշումը հիմնուած է հոգեւոր պտուղներուն վրայ, անոնց հետ կապուած պատգամներուն վերլուծութեան վրայ, որոնք կոչ են դարձի գալու, անվերապահ սիրոյ եւ Աստուծոյ մէջ իրական երջանկութեան որոնումին։
Փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ որոշ պատգամներ կը պարունակեն երկիմաստութիւններ եւ անյստակ երեւոյթներ, որոնք պայմանաւորուած են տեսիլքներ ունեցողներուն ներքին մեկնաբանութիւններով եւ կը հրաւիրէ եպիսկոպոսները հրապարակելու հաւաքածոյ մը, որ կը բացառէ շփոթեցնող յայտարարութիւններ։
Նշենք թէ Գերբնական երեւոյթներուն վերաբերեալ օրէնքը կը պարզաբանէ, որ «nulla osta – արտօնութիւնը համազօր չէ գերբնական ճանաչումին, բայց թոյլ կու տայ խթանել պաշտամունքը եւ հաւացեալներու հաղորդել, որ անոնք կարող են մօտենալ այդ փորձառութիւններուն առանց վտանգի։
Սլովաքիոյ մէջ Տիրամօր երեւումները սկսած են 5 օգոստոս 1990 թուականին, ներգրաւելով երեք երեխաներ, Բիւզանդական կաթողիկէ աւանդութիւններ ունեցող տարածքին մէջ եւ Աստուածամայրը ներկայացած է որպէս Անարատ Մաքրութիւն։ Չնայած երեսուն տարին անցնելուն , ուխտաւորները կը շարունակեն յաճախել այդ վայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ