ՄԱԿ-ը համապարփակ զարգացման բարելաւման ուղղութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին՝ համաշխարհային ֆինանսական բարեփոխումի աջակցելու համար, Կառավարութիւնները, Ֆինանսական հաստատութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը միացնող աշխատանքներուն շրջագիծէն ներս, ՄԱԿ-ի մօտ մշտական դիտորդ գերպ. Կապրիէլէ Ճորտանօ Քաչիա ընդգծեց, թէ ինչպէս ի վերջոյ կարելի եղաւ գտնել լաւ համադրութիւն, «Հաշուի առնուեցան տարբեր դիրքորոշումներ, երբեմն իրարմէ հեռու, սակայն թոյլ տուաւ կատարելու քայլեր, որոնք կարող են հանգեցնել հետագայ լուծումներուն եւ զարգացման ֆինանսաւորման համակարգի բարելաւման։
Աղքատութիւն եւ համաշխարհային արտակարգ իրավիճակ
ՄԱԿ-ի կողմէ խրախուսուած միջոցառումի ընթացքին որդեգրուած Սիվիլիոյ պարտաւորութիւնը կը վերահաստատէ կայուն զարգացման 2030 թուականի օրակարգը կեանքի կոչելու կամքը, աղքատութիւնը կը ճանչնայ որպէս համաշխարհային ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը, կը խրախուսէ մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնարար ազատութիւններուն յարգանքն ու խթանումը բոլորին համար, եւ կը զգուշացնէ որ միջազգային համագործակցութենէն հրաժարիլը վնասակար է։
Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն
Սիկիլիոյ մէջ իրականացած միջոցառումի եղաւ նաեւ յղում՝ շրջակայ միջավայրին, աշխարհի առաջնորդները կը խոստովանին, որ կլիմայի փոփոխութեան, կենսաբազմազանութեան կորուստի եւ անապատացումի դէմ պայքարի գործին մէջ կայ ուշացում։ Այդ պատճառով անոնք շտապ յանձն առին «աճեցնել կլիմայական փոփոխութիւններուն վերաբերող գործողութիւնները։
Ֆինանսական բացը
«Մենք յոյսի մասին չենք խօսինք, մենք կը կառուցենք», հպարտութեամբ բացատրեց ՄԱԿ-ի տնտեսական զարգացումի գծով ընդհանուր քարտուղարի տեղակա Նավիտ Հանիֆը, ով փաստաթուղթը անուանեց կայուն զարգացման համար ֆինանսական բացը լրացնելու հրատապ անհրաժեշտութեան պատասխան, որ կը կազմէ 4 թրիմիլիոն տոլար։
Համաժողովին բացումի ժամանակ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Անթոնիօ Կութիերես կրկին տագնապ հնչեցուց զարգացող երկիրները կաթուածահար ընող պետական պարտքի ծանրութեան վերաբերեալ. «Մենք պէտք է վերականգնենք այն համակարգը, որ դարձած է անկայուն եւ անարդար»։
ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի հարաւի երկիրները ենթարկուած են հիւսիսի երկիրներուն կրկնակի բարձր պարտքի տոկոսներուն, մինչ վերջին 15 տարիներուն, աւելի հարուստ երկիրներուն նկատմամբ անոնց պարտքի ազդեցութիւնը եռապատկուեցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ