Սուրբ Աթոռ. Անիրաւ առեւտուրը կը սնուցէ աղքատութիւն, թող այն ձեւաւորուի արդար կանոններով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Գոյութիւն ունի առեւտուրի առողջ կոչում, որ հիմնուած է «ապրանքներուն համընդհանուր սահմանումի սկզբունքի» վրայ, որ կ՝երաշխաւորէ զարգացում եւ հետեւաբար արժանապատուութիւն։ Սակայն ցաւօք, կան նաեւ «անիրաւ առեւտուրի» ձեւեր, որոնք «անարդար միջազգային» կանոններով կը պատժեն կառուցուածքային առումով աւելի թոյլ երկիները, որոնք «յաճախ կը տառապին դրամագլուխի պակասէն, ու յաճախ կը սրուի արտաքին պարտքի բեռի պատճառով» այս խօսքերը արտասանեց Նիւ Եորքի մէջ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ արքեպիսկոպոս Կապրիէլէ Քաչիա, օգոստոս 6ին, Թուրքմէնիստանի Աւազա քաղաքին մէջ կայացած ցամաքով շրջափակուած երկիրներուն միջազգային համաժողովին ժամանակ իր յայտարարութեան մէջ։
Արք Քաչիա իր ելոյթին մէջ ընդգծեց արդարութեան եւ համերաշխութեան վրայ կողմնորոշուած առեւտուրի կարեւորութիւնը՝ հիմնուած ապրանքներու համընդհանուր նպատակակէտի սկզբունքի վրայ որ կ՝երաշխաւորէ զարգացում եւ արժանապատուութիւնը։
Ցամաքով շրջապատուած զարգացուած երկիրները խոցելի կը դառնան անիրաւ առեւտրային գործելակերպի պատճառաւ, որ կը յանգեցնէ սովի եւ աղքատութեան։ Արք Քաչչիա իր ելոյթին մէջ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան խթանելու համերաշխութեան շօշափելի քաղաքականութիւն՝ յաղթահարելով կառուցուածքային անարդարութիւնները, տարածուած աղքատութիւնը եւ այնպիսի մարտահրաւէրներ ՝ ինչպէս պարտքը, փոխադրամիջոցներուն ծախսերը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը։ Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթը աւարտեց ընդգծելով որ զարգացումը պէտք է կեդրոն դնէ մարդկային անձը հաստատելով որ առեւտուրն ու տնտեսական աճը մարդկային առաջընթացի եւ համընդհանուր բարիքի գործիքներ են։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ