Կարդինալ Փարոլին. Բազմաթիւ շահեր կը խոչընդոտեն Կազայի ողբերգութեան լուծումը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Սրբուհի Մոնիքայի տօնին առիթով Հռոմի Քամփօ Մարցիօ Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագի շրջագիծէն ներս, չորեքշաբթի 27 օգոստոսի երեկոյեան, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլոնը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը` հայող Միջին Արեւելքի տագնապին, վերակոչելով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կոչը եւ Սուրբ Երկրի Պատրիարքներուն միասնական յայտարարութիւնը։
Ոչ տարահանումին
«Կ՛ուզեմ յղում կատարել Սրբազան Պապին այսօր առաւօտեան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին կատարած կոչին, որուն մէջ պարունակուած էր Կազայի իրավիճակին հայող Սուրբ Աթոռին տեսակէտը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը ակնարկելով Քահանայապետին ու Երուսաղէմի Պատրիարքներու կոչերուն, որոնք պահանջեցին «պատերազմին աւարտը» եւ արտայայտուեցան «Կազայի բնակչութեան տեղահանութեան» հակառակ։
Քաղաքական, տնտեսական, գերիշխանական շահերը արգելք
Ծիրանաւորը ապա ընդգծեց, թէ «լուծումներ կան ու բազմաթիւ են, լուծումներ որոնք իրապէս կարող են վերջ դնել այս կացութեան», սակայն, նշեց Ան, կան շատ շահեր, քաղաքական, տնտեսական, գերիշխանական, որոնք արգելք են «այս ողբերգութեան մարդկայնական լուծումին»։
Ան խօսեցաւ նաեւ տարահանման հրամանի մասին նշելով, որ «իւրաքանչիւր անձ ազատ է թէ ինչ կ՛ուզէ ընել» ու թէ «այնտեղ մնալու որոշումը իրապէս քաջարի է» թէեւ տարակոյսներ յայտնեց` թէ ի՞նչ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ի գործ դնել տարահանումը։
Դիւանագիտութիւնը
Դիւանագիտութեան տեսանկիւնէն Վատիկանի դիւանագէտը հաստատեց` թէ ինք կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու Վարչութեան հետ, Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանատան միջոցաւ ու այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց, որ միջազգային խօսակցութիւններէն ու Իսրայէլի Արտգործ նախարարին Ուաշինկթըն այցէն, դուրս գան շօշափելի նշաններ։ Ես կ՛ակնկալեմ այն ինչ, որ պահանջեց Սրբազան Պապը, այսինքն հրադադար ու մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութիւն ապա յարգանք միջազգային իրաւունքին, եւ չկիրարկել հանրային պատիժը։
Ի վերջոյ, Կազայի բնակչութեան հարկադիր տարհանման վտանգի վերաբերեալ, Փարոլինը նշեց, որ մինչ այժմ Իսրայէլի կառավարութիւնը «ցոյց տուաւ անպատրաստութիւն ետ կանգնելու» այս դիրքորոշումէն, և որ «գուցէ մեծ յոյս չկայ», սակայն միաժամանակ Ան վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը «պնդելու», որպէսզի իրողութիւնները փոխուին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ