Սուրբ Դուռը՝ Յիսուսի սիրտը մտնելու հրաւէր. Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը կը կիսէ «պատմութեամբ եւ հաւատքով նշանաւորուած հողի»՝ Աքուիլայի ուրախութիւնը Կեղեստինեան Ներումի 731րդ տօնակատարութեան շնորհի համար, որ կը համընկնի Յոյսի Յոբելեանի շրջանին:
Այս միտքը արտայայտեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ 28 Օգոստոսին Սանթա Մարիա Տի Քոլլեմաճճոյի Տաճարի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։
Պատարագի աւարտին բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Դրան, որուն փակումը պիտի կատարէ Աքուիլայի թեմին Արքեպիսկոպոսը՝ Անթոնիօ Տ'Անճելոն այսօր՝ 29 Օգոստոսին։
Պատմական ակնարկ
Կեղեստինեան Ներումը, ինչպէս անունը կը յուշէ, հաստատուած է Կեղեստինոս Ե. Պապի կողմէ «Inter sanctorum solemnia» կոնդակով, 1294 թուականին` Անոր Քահանայապետ ընտրուելէն մէկ ամիս ետքը։
Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին Քահանայապետն էր, որ Կեղեստինոս Ե. Քահանայապետէն ետքը 2022-ին բացումը կատարեց Կեղեստինեան Ներումին Սուրբ Դրան, սկիզբ տալով Ներումի ժամանակաշրջանին։ Հաւատացեալները, որոնք իսկական զղջումով կը մօտենան խոստովանանքի խորհուրդին, կը հաղորդուին ու կ՚աղօթեն Հաւատամքը, Հայր մերը եւ Քահանայապետի դիտաւորութեամբ աղօթքը ու կ՚անցնին Քոլլեմաճճոյի Սուրբ Դուէն, կ՚ընդունին իրենց մեղքերուն լիակատար ներումը։
Նշան՝ կենդանի յիշողութեան
Կարդինալ Փարոլինի խորհրդածութիւնը հիմնուեցաւ Յովհաննէս Աւետարանիչի այն պատմութեան վրայ, որտեղ Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «ոչխարներու դուռ»։ Յիրաւի դուռը, ինչպէս նաեւ սիրտը եւ իսկական հաւատքը Պետքարտուղարի քարոզի բանալի բառերը եղան. «Այսօր,- նշեց ան, այս վիրաւոր եւ հաւատարիմ վայրի մէջ կը բացուի Կեղեստինոսի Սուրբ Դուռը, որ դարեր շարունակ կը խօսի ներման եւ խաղաղութեան մասին»։
«Այս բացումը Յոբելենական ճամբորդութեան մասն է, բայց ունի շատ իւրայատուկ երանգ. այստեղ նշանը կը դառնայ կենդանի յիշողութիւն, ճիչ եւ աղօթք, ազատութեան եւ ողորմածութեան խոստում։
Յիշենք, սակայն, շարունակեց Ծիրանաւորը, որ որոշիչ չէ ֆիզիկական կամ ճարտարապետական սեմը. Յոբելեանի դուռը Քրիստոսն է։ Ան է, որ մեզ կը տանի դէպի փրկութիւն. Ան պէտք է ընտրենք անցնելու համար։ Միայն Անոր միջոցաւ կարող ենք մտնել լիարժէք կեանքի մէջ եւ խուսափիլ ստրկութենէ։
Սուրբ Դուռն անցնիլ, հետեւաբար, կը նշանակէ ողջունել Աւետարանը. քանզի «քրիստոնէութիւնը գաղափարներու կամ բարոյականութեան համակարգ չէ, այլ անցում. մուտք ու ելք Քրիստոսի միջով»։
Առանց Քրիստոսի փրկութիւն չկայ
Յիսուսի կողմէ նշուած ուղին պարզ է եւ կը փարատէ իւրաքանչիւր երկիմաստութիւն։ «Ան դարպաս է դէպի Աստուած, դէպի կեանք»։
Իսկ Յիսուսի միջով անցնիլ կը նշանակէ հանդիպիլ փրկութեան, լիարժէքօրէն իրականացնել սեփական կեանքը, «իսկական սնունդ գտնել եւ ազատ ապրիլ», բացատրեց Կարդինալ Փարոլինը, միաժամանակ զգուշացնելով, որ Սուրբ Դուռը, այնուամենայնիւ, նեղ է։
Մարդկութեան խաբեութիւնը
Վատիկանի Պաշտօնեան զգուշացուց ապա «մեր մարդկութեան մեծ խաբեութենէ, որ է՝ մտածել թէ երջանկութիւնը կը կայանայ վերցնելու, տիրապետելու, սեփական անձի համար մտածելու մէջ»։ Ասիկա «գողի մտածելակերպ» է, որ կ՚ոչնչացնէ այն ամէնը, որուն կը դպչի՝ հիմնուելով «կեղծ խոստումներու վրայ, որոնք աւելի դիւրին կը թուին, բայց մեզ դատարկ կը ձգեն»։ Յիսուս եկաւ որպէսզի լիարժէք կեանք պարգեւէ։
Սուրբ Դրան բացումը պարզ արտաքին արարողութիւն չէ
Այնուհետեւ, անդրադառնալով Պազիլիքայի Սուրբ Դրան Բացման արարողութեան՝ Կարդինալը շեշտեց, որ անցումը «պէտք չէ դիտարկուի կամ օգտագործուի որպէս սնահաւատութեան տարր կամ կախարդական ժեսթ, որ ինքնաբերաբար կը փոխէ մեր կեանքը»։
Իւրայատուկ բան մը ստանալու համար բաւարար չէ անցնիլ Սուրբ Դռնէն։ Իմաստը շատ աւելի խորն է. Սուրբ Դուռը հրաւէր է մտնելու Յիսուսի սիրտը, թոյլ տալու Անոր Շնորհին իսկապէս վերափոխելու մեզ. դա պարզ արտաքին արարողութիւն չէ։
Իսկական յոբելեանը
Ի վերջոյ, Ծիրանաւորը Աքուիլայի Եկեղեցիին յորդորեց՝ «գիտնալ, թէ ինչպէս անցնիլ Յիսուսի միջոցաւ», անգամ սեփական տան դուռը բանալը կարող է դառնալ այս ճամբորդութեան առարկայական նշանը», ընդգծեց Վատիկանի Պետքարտուղարը, ապա աղօթեց՝ Կեղեստինոս Ե. Քահանայապետէն խնդրելով օգնել մեզի ընդունելու Յոբելեանի Շնորհը, որ հետք կը թողնէ միայն իսկական ապրելու պարագային։
Կարդինալ Փարոլինը աւարտեց իր քարոզը հետեւեալ աղօթքով.
Տէր Յիսուս,
Հօր Սուրբ Դուռ,
դուն կոչ կ՚ուղղես մեզի անցնիլ քեզմով
խուսափիլ մեր եսասիրութենէ
եւ մտնել Քու կեանք։
Բա՛ց մեր աչքերը Քու լոյսի առջեւ,
բա՛ց մեր սրտերը Քո Խօսքի առջեւ,
բա՛ց մեր քայլերը Քո ճամբուն։
Թող, որ Քեզմով անցնելով
գտնենք արօտավայր,
խաղաղութիւն մեր սրտերու համար
եւ լիակատար ուրախութիւն Քեզ հետ հաղորդակցութեան մէջ։
Մի՛ թողուր, որ մնանք դուրսը,
մնանք փակ կամ անտարբեր։
Տա՛ր մեզ դէպի Քեզ,
քանզի միայն Դու՛ն ես փրկութիւնը,
միայն Դու՛ն ես յոյսը,
միայն Դու՛ն ես կեանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ