Կարդինալ Փարոլինը առաքելութեամբ մեկնեցաւ Պուրունտի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տեղական Եկեղեցւոյ եւ Պուրունտիի Պետական իշխանութիւններու հրաւէրով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` 12 օգոստոսին մեկնեցաւ Պուրունտի, ուր պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ 18 Օգոստոս 2025։
Ճամբորդութեան պատճառը Սուրբ Աթոռի եւ Ափրիկեան Երկրին միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վաթսուն ամեակի Յոբելեանի փակման արարողութիւնն է ու նաեւ 2003ին սպաննուած Պապական Նուիրակ Գերապ. Մայքել Այտան Քորթնիի անուամբ կառուցուելիք առողջապահական կենտրոնի հիմնաքարի զետեղումը։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Քահանայապետը եղած է Ան որ 2000 թուականին Գերապայծառ Քուրթնին նշանակեց իր Ներկայացուցիչը քաղաքացիական պատերազմի թիրախ ափրիկեան այդ Երկրին մէջ, ուր ան առաջատար դեր ունեցաւ Պուրունտիի կառավարութեան և հութու ապստամբներու միջև 2003 թուականի նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագրի կնքման գործին մէջ։ Եւ ճիշտ մոյն տարուայ 29 դեկտեմբերին է որ Պապական Նուիրակը մահափորձի թիրախ կը դառնայ եւ կը վախճանի հիւանդանոցին մէջ 58 տարեկանին։
Գերապ. Մայքել Այտան Քորթնիի անունը կրող այս կեդրոնի ծրագիրին լուրը յայտարարած էր անցեալ տարի նոյնինքն Երկրին նախագահը` Էվարիսթ Նտայիշիմենէն հաստատելով, որ անոր առաջին քարի զետեղումը տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոս 2025-ին։
Ճամբորդութեան յայտագիրը
Պետական Քարտուղարի սոյն ճամբորդութեան լուրը հաղորդեց նոյնինքն Պետական Քարտուղարութիւնը իր ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ, ուր կը կարդանք որ վաղը 13 0գոստոսին, Կարդինալ Փարոլինը պատարագ պիտի մատուցէ Պուրունտիի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներու հետ միասին որոնց հետ ապա պիտի ունենայ առանձնական հանդիպումը։ Նոյն օրը Ան հանդիպում պիտի ունենայ Երկրին նախագահին հետ ու պիտի ստորագրէ Պետութեան եւ Եպիսկոպոսներու դասին միջեւ պատրաստուած յատուկ համաձայնագիրը։
Ուրբաթ` 15 օգոստոսին Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը պատարագ պիտի մատուցէ Մուկերային Մարեմեան սրբավայրին մէջ ապա պիտի այցելէ քաղաքական ու վարչական մայրաքաղաք Կիթեկան։
Ծիրանաւորը հուսկ Շաբաթ 16 օգոստոսին եւս պիտի մատուցէ այլ պատարագ մը ու պիտի հանդիպի նորընծաներու եւ անոնց պատասխանատուներուն հետ ու նոյն օրը Պապական Նուիրակութեան պալատին մէջ պիտի գլխաւորէ Գերապ. Քուրթնիին նուիրուած յուշարանի բացումը, որուն առիթով նախատեսուած է Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն ի պատիւ հիւրասիրութիւն։
Կիրակի` 17 օգոստոսին Կարդինալ Փարոլինը Notre-Dame Trois Fois admirable de Schoenstatt սրբավայրին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Աթոռ Պուրունտի դիւանագիտական յարաբերութիւններու վաթսուն ամեակի Յոբելեանի փակման պատարագը, ճիշտ այն վայրին մէջ ուր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 7 սեպտեմբեր 1990-ին մատուցած էր պատարագը Երկրին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ