Որոնել

Մարիա Մաճճորէ տաճարը Մարիա Մաճճորէ տաճարը  (ANSA)

Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը

Սանթա Մարիա Մաճհորէ տաճարը կառուցուած Լիպերիոս Քահանայապետին օրով, որ երազին մէջ Տիրամայրը տեսնելէ ետք հրահանգած է պազիլիքան կառուցել իր իսկ յայտնած վայրին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն տարի օգոստոս 5-ին Հռոմէացի հաւատացեալները հանդիսաւոր արարողութեամբ կը յիշատակեն Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը։ Տաճարը կառուցուած է Լիպերիոս Քահանայապետին օրով, որ երազին մէջ Տիրամայրը տեսնելէ ետք հրահանգած է եկեղեցի մը կառուցել` իր իսկ յայտնած վայրին վրայ։

358 թուականին, 5 օգոստոսին, ամառուան տաք գիշերուան շրջանին, Հռոմի «էսքուիլինօ» բլուրին վրայ ձիւն տեղալէ ետք,  Լիպերիոս Քահանայապետը կը հասկնայ թէ այդ է վայրը Տիրամօր նուիրուած սուրբ տաճարին վայրն է։ հետեւաբար հրաման կու տայ կացուցելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, նուիրուած «Մարիա Մաճճորէ» տաճարը, որ հռոմէացիները կը կոչեն նաեւ «Ձիւնի Տիրամօր տաճար»։

Երեքշաբթի` 5 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10ին, Մարիա Մաճճորէ տաճարի աւագերէց, Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասի գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ երեկոյեան ժամը 5ին, տեղի կ՝ունենայ երեկոյեան ժամասացութիւնը, նախագահութեամբ Գերպ Էտկար Փենա Փառայի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2025, 13:46