Կարդինալ Զուփփի. մարդկութիւնը պէտք է վերջ դնէ պատերազմին, հակառակ դէպքին պատերազմը վերջ կը դնէ մարդկութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Երիտասարդաց Յոբելեանին առթիւ, Սուրբ Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ, Հինգշաբթի,, 31 օգոստոսին, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Դուն Պետրոսն ես» հանդիպումը մասնակցութեամբ աւելի քան 40 հազար Իտալացի երիտասարդներուն։
Ապաշխարհութեան նուիրուած երեկոն յատկանշուեցաւ երաժշտութեամբ, աստուածաշունչի ընթերցումներով, հաւատքի վկայութիւններով եւ պատերազմէն տուժած ժողովուրդին հետ մտերմութեան զօրաւոր զգացումով, որ կը կործանէ կեանքեր, տուներ ու յոյսեր։
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփի ուրախութեան, բարութեան եւ վստահութեան պատգամով ընդգծեց համընդհանուր ընտանիքի ուժը եւ բոլորին ներառումը։ Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապը, ծիրանաւորը յոյս յայտնեց, որ Քահանայապետը բարձունքէն կը շարունակէ օրհնել երիտասարդներն ու մարդկութիւնը։
Կարդինալ Ծուփփին իր խօսքին մէջ ընդգծեց հակամարտութիւններուն դադրեցման հրատապութիւնը շեշտելով, որ «մարդկութիւնը պէտք է վերջ դնէ պատերազմին, ապա թէ որ պատերազմը կը վերջացնէ մարդկութիւնը» ու դատապարտեց մարդու կողմէ ստեղծուած զէնքի եւ աւերածութիւններուն խաչերը, որոնք կը քանդեն հիւանդանոցներն ու քաղաքացիական բնակչութիւնը։
Յիշելով Լեւոն ԺԴ.ի խօսքերը հրաւիրեց զինաթափելու սիրտերը՝ աշխարհը զինաթափելու, վէրքերը բուժելու եւ նոր հակամարտութիւնները կանխելու համար։
Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահապաք դասի նախագահը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, թէ ինչպէս աշխարհը չափազանց թիւրութեամբ կ՝ընդունի հակամարտութեան եւ ուժի տրամաբանութիւնը, ընդգծելով իւրաքանչիւր մարդուն կեանքն ու արժանապատւութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը։
Խրախուսեց համայնքները, դառնալու խաղաղութեան տուներ՝ փոքր բայց բայց նշանակալից, ունակ եթէ արմատաւորուած ըլլայ Տիրոջ մէջ ու կոչ ըրաւ կրօնական տարբեր դաւանքներուն հետ ՝եղբայրութիւնն ու ամէն ինչ ամոքող սէրը ամրապնդելու համար։
Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած «Դուն Պետրոսն ես» խորագիով հանդիպումին ընթացին հսկայ պաստառներուն վրայ սփռուեցաւ Սուրբ Երկրի Լատինաց պատրիարք կարդինալ Փիցցապալլայի այս առթիւ պատրաստած պատկերասփռուած պատգամը, որուն մէջ ծիրանաւորը նկարագրեց ցաւի եւ քանդումի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տարբեր դաւանաքներու միջեւ յոյսի եւ զօրակցութեան հոգին։ Ան Նկատել տուաւ որ անվստահութեան եւ ատելութեան ովկիանոսէն ներս կան նաեւ անձեր որոնք լոյս եւ մխիթարութիւն կը բերեն Կազայի եւ Իսրայէլի մէջ ու հրաւիրեց երբեք չյանձնուելու, այլ կեդրոնանալու «մենք միասին սկզբունքին վրայ»։ Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են պատերազմի ժամանակ հեռուէն աջակցութիւնը կենդանի կը պահեն ու բհրաւիրեց երիտասարդները Երուսաղեմ այցելելու, հազիւ որ խաղաղութիւնը կը վերականգնուի, յոյս յայտնելով հաշտութեան եւ վերականգման ապագային համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ