Յոյսը այն հաւատքն է` որ առիթը կու տայ լոյսը տեսնելու խաւարին մէջ. Երիտասարդներու վկայութիւններ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Գառնիկ Ժորժ Փանոսեան, Սարգիս Միհրան Նաճարեան, Ժեննի Ատեմ, Լեւոն Եունքէս, ասոնք մի քանի երիտասարդներու անուններն են, որոնք մաս կը կազմեն Հայ կաթողիկէ Երիտասարդներու խումբին` որ ժամանած է Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններէն, մասնակցելու համար երիտասարդներու յոբելենական ուխտագնացութեան, որ Հռոմ համախմբած է 146 երկիրներէ ժամանած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ եւ որ սկիզբ առաւ անցեալ 28 Յուլիսին ու պիտի աւարտի վաղը` կիրակի 3 օգոստոսի առաւօտեան Թոր Վերկաթայի մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած եզրափակիչ Սուրբ պատարագով։
Այս օրերուն Հռոմ քաղաքը վայելեց անոնց խանդավառ ներկայութիւնը, անոնց զուարճալի երգերը, կանչերը, ուրախութիւնը ու նաեւ անոնց աղօթքի մէջ ամփոփումը, եւ այս երեկոյ եւս յաւիտենական քաղաքը վկան պիտի դառնայ եզակի մէկ հաւաքի մը` միշտ Թոր Վերկաթա շրջանին մէջ, ուր նախատեսուած է Քահանայապետի գլխաւորութեամբ աղօթքի հսկումը, վայր` ուր 25 տարիներ առաջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. գլխաւորած էր ԵՀՕ աղօթքի անմոռանալի հսկումը։
Բազմաթիւ են արդարեւ երիտասարդներու խումբերը, ժամանած աշխարհի տարբեր երկիրներէն, որոնց լեզուներն ու մշակոյթները այս օրերուն, իրար միահիւսուեցան, դառնալով մէկ ձայն, միասնական ժպիտ, հրճուանք եւ ուրախութիւն եւ հաճելի է յաճախ կանգ առնել ու դիտել զանոնք, երբ մեծ ու փոքր, յոգնած բայց ուրախ, մէկը միւսին թիկունք կանգնելով, կը քալեն կամ կը վազեն Վատիկանի մօտակայքը գտնուող պողոտաներու եւ հրապարակներու վրայ, կամ երբ կը տեսնես զանոնք նստած շուք տարածքի մը տակ, իրար պատմելով իրենց ապրած յոյզերն ու փորձառութիւնները, իրենց առօրեայի ապրումները, կամ կիսելով իրենց օրակարգի հանգրուանները։
Յոյսին նուիրուած տարին է 2025-ը եւ յոյսն է ահա որ կը ցոլայ այս երիտասարդներու դէմքերէն, յոյս ապագայի նկատմամբ, յոյս թէ տակաւին կան անձինք` որոնք կը փափաքին աւելի լաւ, աւելի արդար ու խաղաղ աշխարհ մը կառուցել, յոյս, որ այսօրեայ այս պատանիները ունին կարեւոր երազանքներ, որոնք կը գերազանցեն յաճախ մի քանիներու կողմէ կանգնեցուած մշակոյթներու, լեզուի, ազգութեան ու աւանդութիւններու պատնէշները, տարբերութիւնները, եւ կը ներկայանան որպէս մէկ ու միակ ընտանիք, զաւակներ ու անդամներ մէկ ու միակ Եկեղեցւոյ։
Այս տօնական մթնոլորտի մէջ է ահա, որ ուրբաթ մէկ օգոստոսի երեկոյեան Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ 250-է աւելի հայ եւ այլ ազգի պատկան երիտասարդներ մասնակցեցան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին գլխաւորած սուրբ եւ անմահ պատարագին, որուն առիթով Ան խրախուսեց զանոնք ըլլալու Քրիստոսի կենդանի վկաները, բացայայտելու Անոր սէրը եւ Անոր լոյսը տանելու աշխարհի բոլոր անկիւնները։
«Ո՞վ է Յիսուս ձեզի համար», հարց տուաւ ի միջի այլոց պատարագիչ Հայրապետը դիտել տալով, որ այս հարցումը «Յիսուսին իր աշակերտներուն ուղղած հարցումն է զոր այսօր Ան կ՛ուղղէ նաեւ մեզի» ըսաւ Ան հրաւիրելով երիտասարդները պատասխան մը տալու այդ հարցումին, այդ պատասխանը որոնելով ու գտնելով յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ու Սուրբ Պետրոսի նման դաւանելով. «Դուն ես Քրիստոսը Աստուծոյ կենդանի Որդին»։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը քարոզը արտասանեց երեք լեզուներով, Հայերէն, Անգլերէն եւ Արաբերէն, տրուած ըլլալով որ արարողութեան կը մասնակցէին տարբեր վայրերէ ժամանած խումբեր, նաեւ օտարներ, որուն համար Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. ուրախութիւն յայտնեց, որովհետեւ ըսաւ Ան «ձեր ներկայութիւնը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը»։
Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեպարար արարողութեան աւարտին է որ առիթը ունեցանք հանդիպելու եւ երկու հարցումներ ուղղելու վերոնշեալ երիտասարդներուն. «Ի՞նչ է յոբելեանը ու յոբելենական փորձառութիւնը քեզի համար» եւ «Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Յոյս բառը»։
Գառնիկը, Սարգիս Միհրանը, Ժեննին ու Լեւոնը արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը, իրենց ընծայուած առիթին համար, մասնակցելու այսպիսի կարեւոր հաւաքի մը, որ «ոչ միայն առիթը տուաւ մեզի, որ Սուրբ Դռներուն ուխտագնացութիւն կատարելու ու կրօնական վայրերը այցելելու, այլ առիթը տուաւ նաեւ որ, որպէս հայ երիտասարդներ, համախմբուինք աշխարհի չորս անկիւններէն եկած հազարաւոր այլ երիտասարդներու հետ, որպէսզի միասնաբար մէկ նպատակով նորոգենք մեք հաւատքն ու յոյսը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ», ըսաւ մեզի Գառնիկ Ժորժ Փանոսեանը, որ Յոյսին մասին խօսելով ըսաւ, թէ անիկայ «լուռ ուժ մըն է, որ մեզ կը մղէ դէպի առաջ, անկախ անորոշ ապագայէն, ապա թէ անիկա հաւատքն է` որ առիթը կու տայ լոյսը տեսնել խաւարին մէջ»։
Սարգիս Միհրան նաճարեանի համար Յոբելենական այս օրերը ապրիլը եզակի առիթ է, «որովհետեւ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ միայն ամէն 25 տարին անգամ մը» եւ որ մեզի հերաւորութիւն տուաւ «նորոգելու մեր յոյսը» ականատես ըլլալով այն իրականութեան որ Կաթողիկէ Եկեղեցին կանգուն է ու մենք միայնակ չենք, ու աշխարհի վրայ բազմաթիւ են երիտասարդները որոնք կը հաւատան ու կը քալեն Յիսուսին ճանապարհին վրայ»։
«Յոյս բառը վերնագիրն է մեր այս ճամբորդութեան, այդ բառը միակ բանն է որ մեզի թոյլ կու տայ ապրիլ մինչեւ վաղը...վաղուան ապրողները ապա երիտասարդներն են, որոնք պիտի կերտեն աշխարհը, եւ երբ երիտասարդները տակաւին յոյս ունին եւ մօտ են Աստուծոյ եւ իրենց եկեղեցւոյ, այս մէկը շատ դրական է համայն աշխարհին համար» ըսաւ ի միջի այլոց Սարգիս Միհրանը։
Երիտասարդուհի Ժեննի Ատեմը ապա յայտնեց` թէ ինք տատամսումով եկած էր մասնակցելու այս հաւաքին այն վախով որ փորձառութիւնը շատ ալ դրական չ՛ըլլար, բայց «հիմա` որ այստեղ եմ շատ գոհ եմ որովհետեւ հանդիպեցայ կաթողիկէ այլ երիտասարդներու հետ» ըսաւ Ան որ ապա Յոյսին մասին արտայայտուելով ըսաւ թէ յոյսը իրեն համար հաւատալ է աղօթել է։
Լեւոն Եունքէս ապա, որ 31 տարեկան է ինքզինք բախտաւոր զգաց այս իրեն ընծայուած մեծ առիթին համար, մասնակցելու այս հաւաքին, որ կը կայանայ Հռոմի մէջ...ուր իւրաքանչիւր անկիւն կը փոխանցէ հաւատքի վկայութիւն, հաւատք եւ յոյս զոր Ան կը յուսայ իր կարգին փոխանցել իրեն ընկերներուն եւ միջավայրին, երբ վերադառնայ իր հայրենիքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ