Որոնել

2024.08.09 Vaticano Piazza San Pietro Petersdom Petersplatz

Սուրբ Աթոռ. Հրապարակուեցաւ հանրային պայմանագրերու կանոնակարգերը

Հրամանագիրը կազմուած է 8 գլուխներէ եւ 52 յօդուածներէ, որոնք կը պարզեցնեն Վատիկանեան «գնումներու» ընթացակարգերը և կը թարմացնեն Վատիկանի գնումներու օրէնսգիրքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ Տնտեսութեան քարտուղարութեան թիւ 1/2025 գլխաւոր գործադիր հրամանագիրը, զոր ստորագրած է Քարտուղարութեան Վերատեսուչ Մաքսիմինօ Քապալլերօ Լետոն եւ որ կը պարունակէ Սուրբ Աթոռի և Վատիկան քաղաք-պետութեան հանրային պայմանագրերու թափանցիկութեան, վերահսկողութեան և մրցակցութեան կանոններու վերաբերեալ` մէկ Յունիս 2020-ին ստորագրուած եւ 16 Յունուար 2024-ին թարմացուած `Քահանայապետական ինքնագիր նամակի կիրառման կանոնակարգը:

Հրամանագիրը կազմուած է 8 գլուխներէ եւ 52 յօդուածներէ, որոնք կը պարզեցնեն Վատիկանեան «գնումներու» ընթացակարգերը և կը թարմացնեն Վատիկանի գնումներու օրէնսգիրքը։

Ան կը վերահաստատէ թափանցիկութեան, վերահսկողութեան, արդար մրցակցութեան, գործիչներու միջև հաւասար վերաբերմունքի և մասնակիցներու միջև խտրականութեան բացառման սկզբունքները։ Կը նպաստէ աւելի արագ, արդիւնաւէտ, արդիւնաւոր և տնտեսապէս յարմար վարչական կառավարումին՝ համաձայն Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ կը մտի համատեղել բարոյական խստութիւնը միջոցներու կայուն օգտագործման հետ՝ համաձայն Praedicate Evangelium-ի Առաքելական նոր Սահմանադրութեան։

Հրամանագիրը որ հրատարակուեցաւ «Osservatore Romano» օրաթերթին մէջ ուժի մէջ կը մտնէ 10 օգոստոս 2025-ին սկսեալ։ Հրամանագիրը ամբողջութեամբ կը հրատարակուի www.bandipubblici.va կայքին եւ Առաքեալակա Աթոռի «Acta Apostolicae Sedis» կանոնագիրգին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2025, 08:30