Որոնել

2025.08.28 Il cardinale George Jacob Koovakad al Summit internazionale dei leader religiosi a Kuala Lumpur, Malaysia (28 agosto 2025)

Հաւատքը երբեք զէնք պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ բուժիչ ուժ. Կարդինալ Քովաքատ

Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը ելոյթ ունեցաւ կրօնական առաջնորդներու՝ այսօր տեղի ունեցած Երկրորդ Միջազգային Գագաթնաժողովին. Պէտք է «քաջութիւնը ունենալ՝ քանդելու հին պատերը եւ դադրեցնելու նորերու կառուցումը», ինչպէս նաեւ կառուցելու նոր կամուրջներ, վերանորոգելու ջարդուածները եւ ստեղծելու խաղաղ ապագայ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Ժորժ Ժաքոպ Քովաքատը այսօր՝ 28 Օգոստոսին, Մալեզիայի մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ «Կրօնական առաջնորդներու դերը հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ» խորագիրով Երկրորդ Միջազգային Գագաթնաժողովին։

Միջոցառումը կազմակերպած է Մալեզիայի վարչապետի գրասենեակը՝ Մահմետական աշխարհի դաշինքի (Muslim World League) հետ համատեղ։

«Որպէս կրօնական առաջնորդներ մեծ պատասխանատուութիւն ունինք՝ բարձրացնելու մեր ձայնը բռնութեան եւ անարդար խտրականութեան դէմ, քաջաբար դիմագրաւելու հակամարտութիւններու արմատական ​​պատճառները եւ վճռականօրէն պաշտպանելու մեր հասարակաց տունը», նշեց Ծիրանաւորը իր խօսքին սկիզբը։

Կարեւոր նկատելով Գագաթնաժողովի խորագիրը, Ան ապա առաջարկեց քննարկել երեք եղանակ, որոնցմով կրօնապետերը կարող են նպաստել հակամարտութիւններու կանխարգիլման, լուծման եւ բուժման։

Կրօնապետերը՝ խաղաղութեան, եւ ոչ թէ բռնութեան ձայներ

Առաջին՝ կրօնական առաջնորդները կոչուած են ըլլալու խաղաղութեան, այլ ոչ թէ բռնութեան ձայներ։

«Կրօնը յաճախ կը մեղադրուի հակամարտութեան արմատը ըլլալու մէջ», ինչը, ըստ Կարդինալ Քովաքատի, ճիշտ չէ. «հակամարտութիւններու արմատները սովորաբար թաքնուած են աղքատութեան, անհաւասարութեան, քաղաքական աճպարարութիւններու, մեկուսացման եւ անարդարութեան խոր վէրքերու մէջ»։

Կրօնը որոշներու ձեռքին յարմար գործիք՝ բռնութիւնը արդարացնելու համար

Ինքնին բռնութեան արմատական ​​պատճառ չըլլալով հանդերձ, կրօնը, սակայն, կրօնական աւանդոյթներու ասպարէզէն ներս «որոշներու կողմէ կը շահագործուի որպէս յարմար գործիք՝ պառակտում հրահրելու կամ բռնութիւնը արդարացնելու համար, երբեմն «քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեամբ՝ աղաւաղելով անգամ սուրբ գիրերը, աւանդոյթները եւ պատմութիւնը, յարեց հուսկ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Հաւատքը երբեք զէնք պէտք չէ ըլլայ

Ճիշտ այստեղ է, որ «կրօնական առաջնորդները յատուկ պարտականութիւններ ունին» եւ կոչուած են «յիշեցնելու համայնքներուն, որ հաւատքը երբեք զէնք պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ բուժիչ ուժ, ընդգծեց ապա Ան եւ կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապի 2025ի Զատկական «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին վերջին կոչը՝ «աշխարհի բոլոր քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցողներուն՝ «չյանձնուելու վախի տրամաբանութեան, որ կը փակէ, այլ օգտագործելու առկայ միջոցները օգնելու համար կարիքաւորներուն, սովի դէմ պայքարելու եւ խթանելու զարգացման նպաստող նախաձեռնութիւններ։ Ասոնք են ահա խաղաղութեան «զէնքերը», անոնք որոնք մահ սերմանելու փոխարէն, ապագայ կը կերտեն» (20 Ապրիլ 2025):

Հետեւաբար, պնդեց Կարդինալը, «Կրօնական առաջնորդներու այս Միջազգային Գագաթնաժողովը, ինչպէս նաեւ «Մարդկային եղբայրութիւն համաշխարհային խաղաղութեան եւ համատեղ ապրելու համար» փաստաթուղթը, Մեքքայի հռչակագիրը եւ Մեքքայի կանոնադրութիւնը, կարեւոր քայլեր են այսօրեայ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւն խթանելու համար»:

Կրօնապետերը՝ կամուրջներ կառուցողներ

«Կրօնական առաջնորդները պէտք է ըլլան կամուրջներ կառուցողներ, որոնք կը յաղթահարեն բաժանումները», եղաւ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի երկրորդ շեշտադրումը։

Անվստահութեամբ, ատելութեամբ եւ ծայրայեղականութեամբ վիրաւոր աշխարհի մէջ, կրօնական առաջնորդները կարող են բանալ հանդիպման դուռերը եւ յարգանք ներշնչել աւանդոյթներու միջոցաւ։ «Ոչ քրիստոնէական կրօններու հետ յարաբերութիւններու մասին Եկեղեցւոյ «Nostra aetate» հռչակագիրի հրապարակումէն ի վեր, վաթսուն տարիներ շարունակ, Պապերը՝ Պօղոս Զ.էն մինչեւ Ֆրանչիսկոս, եւ այժմ Լեւոն ԺԴ.», բոլոր կրօններու հետ հանդիպումներ փնտռած են՝ «կառուցելով կամուրջներ եւ քանդելով պատեր», յարեց Կարդինալ Քովաքատը։

Ծիրանաւորը յիշեց ապա Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին խօսքերը. Որ առաջին անգամ դիմելով կրօնապետերուն ըսած էր, որ եթէ «ազատ ըլլանք գաղափարախօսական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութենէն, արդիւնաւէտ պիտի դառնանք պատերազմին «ո՛չ» եւ խաղաղութեան «այո՛», սպառազինութիւններուն մրցավազքին «ոչ՛» եւ զինաթափման «այո՛», ժողովուրդներն ու Երկիրը աղքատացնող տնտեսութեան «ոչ՛» եւ համապարփակ զարգացման «այո՛» ըսելու»։ (Պատգամ քոյր եկեղեցիներու, եկեղեցական հաստատութիւններու եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն, 19 Մայիս 2025):

Ասկէ մեկնելով, Ծիրանաւորը կոչ ըրաւ «քաջութիւնը ունենալու քանդելու հին պատերը եւ դադրեցնելու նորերու կառուցումը», ինչպէս նաեւ կառուցելու նոր կամուրջներ, վերանորոգելու ջարդուածները եւ ստեղծելու խաղաղ ապագայ։

Կրօնապետերը՝ վէրքեր բուժողներ

Կարդինալ Քովաքատը ներկայացուց, ի վերջոյ, իր վերջին՝ երրորդ խորհրդածութիւնը՝ կրօնապետերը պէտք է բուժեն վէրքերը՝ բերելով հաշտեցում եւ յոյս։

«Որպէս կրօնական առաջնորդներ՝ մենք կոչուած ենք բարձրացնելու մեր ձայնը հակամարտութիւններու ատեն անարդարացիօրէն տառապողներու անունով, խօսիլ արդարութեամբ եւ քաջութեամբ», նշեց Ծիրանաւորը եւ նկատել տուաւ, որ «կրօնը ունի վէրքերը բուժելու եզակի ուժ»՝ «ներումի միջոցաւ, բայց նաեւ արդարութեան արդար կիրառմամբ եւ առանց ճշմարտութիւնը թաքցնելու»։

Միասին «պէտք ենք վերակենդանացնել համայնքներու հոգեւոր ուժանիւթը՝ ուղղորդելով սրտերը դէպի կարեկցանք եւ հասկացողութիւն», եզրակացուց Կարդինալը եւ, ի վերջոյ, մաղթեց, որ «այս Գագաթնաժողովը ամրապնդէ համատեղ յանձնառութիւնը այնպիսի աշխարհի նկատմամբ, որտեղ կրօնը միշտ խաղաղութեան աղբիւր ըլլայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2025, 12:00