Կարդինալ Սեփէ Ուքրանիա ժամանած է Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտիկութիւնը փոխանցելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 6 սեպտեմբերին, Ուքրանիոյ Լեոփոլի քաղաքի, Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ, Լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հալիչի թեմի հիմնադրութեան 650-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած արարողութեան, Լեւոն ԺԴ Պապին որպէս ներկայացուցիչ ներկայ պիտի ըլլայ Քահանայապետին կողմէ նշանակուած Կարդինալ Քրէշէնցիօ Սեփէն։
Ան Վատիկանի լրատուամիջոցներուն յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ իր ներկայութիւնը, Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտիկութեան եւ սիրոյ նշանը պիտի ըլլայ, աւեցնելով որ Քահանայապետը այս արարողութեան զինք ներկայացուցիչ անուանած ու յորդորած է, որպէսզի Իր մօտիկութիւնը փոխանցէ բոլոր քրիստոնեայ եւ բարի կամք ունեցող հաւատացեալներուն, Ուքրանիոյ ապրած այս դժուար ժամանակահատուածին։
Ծիրանաւորը նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ իր ներկայութիւնը, Քահանայապետին համար առիթ է նաեւ վերահաստատելու, որ Ինք երբեք չէ մոռցած եւ կը շարունակէ աղօթել ու տեղեկացնել բոլոր բարի կամք ունեցող անձերը՝ Քրիստոնեաները, կաթողիկէները այդ ողբերգական խնդիրին մասին, պատերազմի մը մասին, որ աւերածութիւն եւ մահ կը բերէ, ըսաւ ծիրանաւորը ու քաջալերեց ընդառաջելու Պապին այդ հրաւէրին, որպէսզի բոլորս կարենանք բան մը կատարել՝ խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ անդորրութիւն պարգեւելու համար Ուքրանիոյ ժողովուրդին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ