Որոնել

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Արք Կալլակեր. Արհեստագիտութիւնը պէտք չէ փոխարինէ մարդկային դատողութիւնը կեանքի եւ մահուան հարցերու վերաբերեալ

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բաց քննարկումի ժամանակ Վատիկանի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլո Ռիչարտ Կալլակեր շեշտեց ռազմական ոլորտէն ներս արհեստական բանականութեան զարգացման հետ կապուած վտանգներու «հրատապ իրականութիւնը»։ Ան վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի կոչը՝ մահացու ինքնավար զէնքերուն անմիջական դադրեցման համար ու ընդգծեց միջուկային հրամանատարութեան եւ կառավարման համակարգերէն ներս արհեստական բանականութեան օգտագործումի վտանգները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիիմ մէջ, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բաց քննարկումի ընթացքին, խնդրելով «մօտեցում մը կեդրոնացած մարդկային էակին վրայ, արհեստական բանականութեան զարգացման ոլորտէն ներս, յատկապէս ռազմական գետնի վրայ։

Սեպտեմբեր 24ին, արհեստական բանականութեան եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ քննարկման ժամանակ արտասանած իր ելոյթին մէջ Արք Կալլակեր յստակ միտք արտայայտեց այն գծով, որ զարգացած արհեստագիտութիւնները չեն կրնար փոխարինել մարդկային դատողութիւնը կեանքի եւ մահուան հարցերուն վերաբերեալ։ Ըստ Արքեպիսկոպոսին՝ արհեստական բանականութեան կարեւոր որոշումները վստահիլը, կ՝անցնի բոլոր այն սահմանները, որոնք պէտք չէ երբեք գերազանցուին ու կը խաթարէ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքն ու ընդհանուր բարիքի հետապնդումը։

Արք Կալլակեր խօսքը կեդրոնացնելով ինքնավար զէնքներուն համակարգերու վրայ վերանորոգեց Սուրբ Աթոռի կոչը, որդեգրելու անոնց զարգացման անմիջական կասեցումը։ Եկեղեցին կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան ստեղծելու իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթ մը, որ կ՝ապահովէ թէ կեանքի եւ թէ մահուան վերաբերեալ որոշումները կը մնան իմաստալից մարդկային վերահսկողութեան տակ,  ըսաւ Ան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 13:56