Կարդինալ Քովաքատ. Միջկրօնական երկխօսութիւնը ներդաշնակութիւն է, ոչ թէ քաղաքականութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Միջկրօնական երկխօսութիւնը քաղաքական հարց մը չէ, այլ դէպի մարդոց միջեւ ներդաշնակութեան ուղեւորութիւն։ Այս կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի Միջկրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Ժորժ Եաքով Քովաքատը, Պանկլատէշի մէջ 6-էն 12 սեպտեմբերին կայացած “Promoting a Culture of Harmony” հանդիպումի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ։ Հանդիպում` որ կազմակերպուած է տեղական Քահանայապետական Նուիրակութեան եւ Երկրի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին կողմէ։
Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» շրջաբերականին, Կարդինալ Քովաքատը շեշտը դրաւ իւրաքանչիւր մարդ անհատի ներքին արժանապատւութեան, որ հաւասար է բոլոր կրօններուն մէջ եւ հիմքն է երկխօսութեան։
«Մեր արժանապատուութիւնը մեր մարդկայնութեան մէջ է», - ըսաւ Ան՝ վերահաստատելով, որ օրէնքի գերակայութիւնը պէտք է երաշխաւորէ բոլորի հաւասարութիւնը, իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Ան ապա ակնարկեց յետ 2024 յեղափոխութեան Պանկլատէշին քաջալերելով կրօնական ղեկավարները խթանելու խաղաղութիւնը եւ դարմանելու բաժանումները յիշելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բանալի փաստաթուղթեր ինչպէս Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Nostra Aetate համամիութենական հռչակագիրին եւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը զանոնք որակելով «հիմնական գործիքներ կառուցելու համար աւելի արդար եւ զօրակցի աշխարհ մը»։
Իր ելոյթին մէջ Ծիրանաւորը ապա գնահատեց Երկրին մէջ ընթացք առած ժողովրդավարութեան բարեփոխումները ընդգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան կարեւորութիւնը, որպէս երկխօսութեան եւ ոչ թէ մարդորսութեան հրաւէր. Մենք կը կառուցենք կամուրջներ եւ ոչ պատեր» հաստատեց ի միջի այլոց Կարդինալ Քովաքատը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ