Որոնել

Վատիկանի Քազինա Փիօ Դ անուան քահանայապետական կաճառը Վատիկանի Քազինա Փիօ Դ անուան քահանայապետական կաճառը  (Copyright (c) 2013 Catarina Belova/Shutterstock. No use without permission.)

Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ հիմնադրամը յայտարարեց «Բաց բանականութիւն», մրցանակը յաղթողներուն անունները

«Բաց բանականութեան մրցանակաբաշխութիւն. Բանականութեան հորիզոններու ընդլայնում։ Մրցանակաբաշխութեան եօթներորդ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի՝ 30 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4,30ին, Վատիկանի Քազինա Փիօ Գիտութեան Ակադեմիայի կեդրոնին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Բաց բանականութիւն» մրցանակաբաշխութեան եօթներորդ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի՝ 30 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4,30ին, Վատիկանի Քազինա Փիօ անուան Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարէն ներս։

Մրցանակները, որոնք ստեղծուած են Մատրիտի Ֆրանչիսքօ Տէ Վիթթորիա համալսարանի եւ Ժոզէֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ. հիմնադրամի համագործակցութեան արդիւնքով, նպատակ ունի ճանչնալ ակադեմիական աշխատանքները, որոնք կ՝անդրադառնան մարդաբանական, գիտաբարոյական, իմացաբանական հարցերուն՝ գիտութիւնը, իմաստասիրութիւնը, աստուածաբանութիւնը համատեղող համապարփակ մօտեցումի միջոցաւ։

Մրցանակաբաշխութեան բացման արարողութեան պիտի նախագահէ Քրիստոնեաներուն միութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քուրդ Քոխ ու ելոյթ պիտի ունենան Ժոցէֆ Ռացինկեր հիմնադրամի նախագահ, Հայր Ֆէտէրիքօ Լոմպարտի, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկօ Տէ Վիթթորիա համալսարանի տեսուչը։

Մրցանակը պիտի շնորհուի Խօսէ Մարիա Թորրալպայի, «Մաւառա Համալսարանի Մեծ գիրքի ծրագիրին համար» զոր կ՝իրականացուի Իրաւագիտութեան եւ բժշկութեան բաժանմունքին մէջ ու կ՝ամբողջացնէ փիլիսոփայութեան, գրականութեան դասականներուն ընթերցանութիւնը՝ խթանելով գիտելիքներուն վրայ հիմնուած կրթութիւն, որ երկխօսութեան մէջ կը դնէ շօշափելի գիտութիւնները մարդկութեան, ճշմարտութեան եւ իմաստի վերաբերեալ հարցերուն հետ։

Պատուոյ շքանշան պիտի ստանան նաեւ երեք անձեր իրենց իրականացուցած աշխատանքներու համար.

Ֆրանչիսկսօ Տէ Վիթորիա համասարանէն Փապլօ Լոփէզ Ռասին, որ իր ծրագիրով կը պաշտպանէ ժամանակակից արուեստը, որպէս ուղի դէպի վերանցական։

Նավառայի համասարանէն Տավիտ Թունտեր, որ կ՝առաջարկէ այլընտրանք ժամանակից պետութեան՝ հիմնուած բազմակեդրոն հանրապետութեան վրայ, ուր տարբեր ընկերակցութիւնները կը համագործակցին ազատութեան եւ բազմակարծութեան մէջ ընդհանուր բարիքի համար։

ի Վերջոյ Չիլէի Համալսարանէն Խուան Էտուարտօ իր իրականացուցած աշխատանքին համար նուիրուած իմաստասիրութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 11:05