Որոնել

Լեւոն ԺԴ. տարեց տիկնոջ մը հետ Լեւոն ԺԴ. տարեց տիկնոջ մը հետ  (@Vatican Media)

«Ձեր տարեցները պիտի երազեն». Տարեցներուն Հովուական ծառայութեան նուիրուած Համագումար

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ 2-էն 4 Հռոմի մէջ կազմակերպած է տարեցներուն հովուական ծառայութեան նուիրուած համագումար, որուն պիտի մասնակցին 65 երկիրներէ ժամանած 150 պատուիրակներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Եպիսկոպոսական 55 համահաւաք դասեր, բացի ընկերակցութիւններու ու կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն։ 3 հոկտեմբերին նախատեսուած է Լեւոն ԺԴ Պապին հետ անոնց հանդիպումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ձեր տարեցները պիտի երազեն». Այս է ընտրուած նիւթը` տարեցներու հովուական ծառայութեան նուիրուած երկրորդ միջազգային համագումարին, որ կազմակերպուած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի և Կեանքի Վերատեսչութեան կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ 2025 թուականի հոկտեմբերի 2-4-ը Հռոմի Յիսուսեան Միաբանութեան Մայր վանքին մէջ։

Առաջնորդուելով Հովել մարգարէի գիրքի նախադասութենէն, զոր բազմիցս մէջբերած է հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը, վերոնշեալ հաւաքին պիտի մասնակցին 65 երկիրներէ 150 պատուիրակներ, որոնք կը ներկայացնեն 55 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը, ինչպէս նաև տարեցներու հովուական խնամքով զբաղուող միութիւններ և կրօնական հաստատութիւններու անդամներ:

Ֆարրել. Տարեցները` Եկեղեցւոյ ներկան և ապագան

«Յեղաշրջուող աշխարհի մը մէջ, ուր ծերացման ձևը նոյնպէս խոր փոխակերպումի ենթարկուած է, համագումարը նպատակ ունի արձագանքել «կարիքի մը որ միշտ աւելիով հրատապ է՝ այն է զարգացնել տարեցներու համար հովուական խնամք, որ համարժէք ըլլայ մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն», ըսաւ այս առիթով կազմակերպիչ Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեվին Ֆարրելը աւելցնելով` որ «տարեցները միայն Եկեղեցւոյ անցեալը չեն այլ նաեւ անոր ներկան եւ ապագան» ու թէ այս համագումարը առիթ է ունկնդրելու, խորհրդածելու ու միասին նոր հարցերու համար մշակելու նոր պատասխաններ։

Սոյն համագումարը շարունակութիւնն է 2020-ին սկիզբ առած ուղեւորութեան մը` «Տարիներուն հարստութիւնը» բնաբանով համագումարով, որ երբեք դադար չի ճանչցաւ։ Արդարեւ 2021 Ֆրանչիսկոս Պապի որոշումով հաստատուեցաւ Տարեցներու, Մեծ Մամիկ- Պապիկներու համաշխարհային օրը, ապա 2022-ին հանգուցեալ Քահանայապետը ծերութեան նիւթին նուիրեց շարք մը խորհրդածութիւններ, Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս նիւթին վրայ։ Եւ այժմ այս միջազգային համագումարը նկատուած  էնոր քայլ մը` որոնելու համար դէպի ապագայ տանող նոր ուղիներ։

Տարեցներու երազանքները. ապագայի տեսլական

Հովել մարգարէի ներշնչումով ստեղծուած Համագումարի թեման կը հրաւիրէ մտորելու «տարեցներու երազանքների» մասին՝ որպէս Եկեղեցւոյ և հասարակութեան ոգեշնչումի աղբիւր: Որոշ տարեց մարդիկ պիտի կիսեն իրենց տեսլականները կարևոր հարցերու մասին, ինչպիսիք են խաղաղութիւնը, միասին ապրիլը, հաւատքի փոխանցումը և հասարակաց տան խնամքը: «Կենդանի վկայութիւններ, որոնք կարող են ցոյց տալ, թէ ինչպէս երազները յաւերժական են և տակաւին կարող են նոր սերունդներուն ցոյց տալ ճանապարհը»:

 Համայնքներու տրոփող սիրտը

«Տարեցները մեր համայնքներու տրոփող սիրտն են, և անոնց ներդրումը կարևոր է Եկեղեցւոյ ապագայի համար» արձագանգեց Գերապ. Տարիօ Ճերվազին` Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան օգնական Քարտուղարը։

Գրեթէ երեք օր տեւող միջազգային հանդիպումին բացումը կը կատարուի 2 հոկտեմբերի առաւօտեան Կարդինալ Ֆարրելի նախաբանով, որուն կը յաջորդեն նիստեր՝ նուիրուած «Տարեց մարդկանց իրականութիւնը այսօր», «Մնացորդացի մշակոյթը» և «Տարեց մարդկանց հոգևորութիւնը» թեմաներուն: 3 հոկտեմբերի առաւօտեան նախատեսուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ հանդիպումը մինչ համագումարի եզրափակումը կը կատարէ Վերատեսչութեան օգնական քարտուղար՝ Գերապայծառ Ճերվազի, 4 հոկտեմբերի  առաւօտեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 09:37