Որոնել

2025.04.12 pellegrini in cammino verso la Porta Santa

Արդարութեան Գործիչներու Յոբելեանը, կը սպասուին աւելի քան 15 հազար ուխտաւորներ

Սուրբ Տարիներու պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով տեղի պիտի ունենայ արդարութեան աշխարհի բոլոր մասնակիցներուն նուիրուած յոբելենականն ձեռնարկ: Դատաւորներէն մինչև դատախազները, ընկերակցութիւններէն մինչև համալսարաններ և պետական ​​​​մարմիններ, կը սպասուին մօտ 100 երկրներէ մասնակիցներ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յոբելեաններու պատմութեան մէջ առաջին անգման ըլլալով Շաբաթ 20 սեպտեմբեր 2025-ին Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական ձեռնարկ մը ամբողջութեամբ նուիրուած արդարութեան գործիչներու, այսինքն բոլոր անոնց որոնք տարբեր հանգամանքներով ներգրաւուած են արդարութեան աշխարհին մէջ, ըլլայ քաղաքացիական ըլլայ եկեղեցական, ինչպէս դատաւորները, դատախազները, վարչական գրասենեակներու մէջ գործողները ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Կը սպասուի 15 հազար ուխտաւորներու մասնակցութիւնը, որոնք պիտի ժամանեն մօտ հարիւր երկիրներէ։ Անոնց շարքին մեծ թիւով պատուիրակութիւններ` Իտալիայէն, Սպանիայէն, Փորթուկալէն, Լեհաստանէն. Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Քանատայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Մեքսիքոյէն, Քոլոմպիայէն,  Չիլիէն, Աւստրալիայէն, Նիճերիայէն. Փերույէն եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն։

Յոբելենական ուխտագնացութեան կը մասնակցին նաեւ համայան աշխարհէն արդարութեամբ զբաղող տարբլեր ընկերակցութիւններ, համալսարաններ, մասնաւորապէս՝ քահանայապետական  և կաթողիկէ համալսարաններու իրաւաբանական մասնաճիւղերը ինչպէս նաեւ Իտալիայի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութիւնը, Սահմանադրական դատարանը, Դատական ​​գերագոյն խորհուրդը, Գերագոյն վճռաբեկ դատարանը, Ֆրանսայի կաթողիկէ իրաւաբաններու համադաշնութիւնը, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը, Պրազիլի Գերագոյն դատարանը, Քոլոմպիայի Գերագոյն դատարանը, Սպանիայի Գերագոյն դատարանը, Վատիկանի դատական ​​համակարգը, ENAV-ը, Հաշուիչ դատարանը, Իտալիայի պետական ​​խորհուրդի նախագահութիւնը, Կաթողիկէ իրաւաբաններու միջազգային միութիւնը և Իտալացի կաթողիկէ իրաւաբաններու միութիւնը, ինչպէս նաև Դատաւորներու ազգային ընկերակցութիւնը (ANM):

Ծրագիրը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն

Յոբելենական յայտագիրը կը սկսի 20 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը տասին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա Վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլայի պաշտօնական ողջոյնի խօսքով, որով ԱՆ պիտի ներկայացնէ` Օրէնսդրական Գիրգերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Գերապ. Խուան Ինիասիօ Արիեթային «Iustitia Imago Dei արդարութեան գործիչ, յոյսի գործիք» թեմայով զեկոյցը։

Ձեռնարկը նախատեսուած էր Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ սակայն մասնակցողներու բարձր թիւին համար փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ։

Ժամը 12-ին նախատեսուած է Քահանայապետին ժամանումը ու անոր Յոբելենական Խորհրդածութիւնը, որմէ ետքը բոլոր ուխտաւորները կարելիութիւնը պիտի ունենան Սուրբ Դուռին տակէն անցնելու

Շաբաթ օրը՝ ժամը 5-ին, Հռոմի Palazzo della Cancelleria-յի մէջ տեղի պիտի ունենայ զրոյց ԱՄՆ-ի Գերագոյն դատարանի դատաւոր Սամուէլ Ալիթոյի հետ, կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան կողմէ: Ապա ժամը 18:30-ին, Հռոմի Palazzo Altemps-ի մէջ տեղի կ՛ունենայ նաև «Քննարկում», որ կը կազմակերպուի Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան և Հռոմի եւ Լորէթոյի Ֆրանսայի բարեպաշտ հաստատութիւններու կողմէ, նախագահութեամբ փրոֆեսոր Փաթրիք ՎալտրինիԻն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2025, 08:47