Կազայի մէջ իրավիճակը ողբերգական է. Թող կանգնեցուի Ուքրանիոյ մէջ կոտորածը. Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 5 սեպտեմբերին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին մէջ օրհնեց կիրակի օր Սուրբ Հռչակուելիք Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիին մէկ պատկերը եւ այդ արարողութեան շրջագիծէն ներս զրոյց մը ունեցաւ «ՍԻՐ» գործակալութեան լրագրող Տիար Տանիելէ Ռոնքիին հետ, որ անոր հարց ուղղեց Կազայի մէջ տիրող իրավիճակի մասին ու Սուրբ Աթոռին այդ առնչութեամբ յանձնառութեան մասին։
Ծիրանաւորը ցաւ ի սրտի նշեց, որ առ այժմ չկայ երկխօսութիւն ու թէ Սուրբ Աթոռը կը պնդէ որ երկխօսութիւնը վերսկսի, որպէսզի կողմերը իրար հետ խօսին ու երկխօսութեան միջոցաւ լուծում գտնեն Կազայի մէջ տիրող այդ ահռելի եւ ողբերգական իրավիճակին։ Ուստի մերը ձայն մըն է, որ կը շարունակէ բարձրանալ, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ Իսրայէլի նախագահին հետ, Անոր Վատիկան տուած այցելութեան ժամանակ, այն յոյսով, որ այս ձայնը միացած միջազգային հասարակութեան ձայնին կարողանայ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ, ըսաւ ի միջի այլոց Ծիրանաւորը։
Պատասխանելով ապա Կազայի մէջ փոքր ժողովրդապետութեան նկատմամբ Սուրբ Աթոռի մտահոգութեան մասին հարցումին Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց այն բազմաթիւ անձերուն, որոնք ապաստան գտած են այնտեղ եւ որոնց շարքին կան բազմաթիւ անկարներ, որոնք կարողութիւնը չունին տեղափոխուելու այլուր։ «Մենք կը մաղթենք` որ անոնք կարողանան մնալ այնտեղ եւ յարգուի անոնց իրաւունքը» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը որ խօսեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրոջ իրավիճակի մասին հաստատելով, որ «Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը այն է` որ սկիզբ տրուի երկխօսութեան», նշելով` որ Սրբազան Պապը տրամադրութեան տակ դրած է Վատիկանը, որպէս վայր` ուր տեղի ունենան զրոյցները…. որպէսզի վերջ դրուի այդ կոտորածին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ