Որոնել

2025.09.13 Membri del Gruppo di lavoro congiunto tra il Vietnam e la Santa Sede

Աւարտեցաւ Սուրբ Աթոռ - Վիեթնամ համատեղ աշխատանքային խումբի 12-րդ հանդիպումը

Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը Վիեթնամի մէջ։ Երկու կողմերն ընդունեցան կաթողիկէ համայնքի ունեցած դրական դերը` Երկրի զարգացումի շրջագիծէն ներս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 սեպտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացաւ Սուրբ Աթոռ - Վիեթնամ համատեղ աշխատանքային խումբի 12-րդ հանդիպումը, նախագահութեամբ` Սուրբ Թոռի կողմէ Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքիին եւ Վիեթնամի կողմէ փոխ Վարչապետ Տիկ Le Thi Thu Hang-ի։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը Վիեթնամի մէջ։ Երկու կողմերն ընդունեցան կաթողիկէ համայնքի ունեցած դրական դերը` Երկրի զարգացումի շրջագիծէն ներս։

Գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ապա Հանոյի մէջ նախորդ հանդիպումէն (2024 թուականի մայիս) ի վեր արձանագրուած զարգացումներուն համար և վերահաստատուեցաւ կամքը` ամրապնդելու այս յարաբերութիւնները, կանոնաւոր հանդիպումներու միջոցաւ։ Աշխատանքային մթնոլորտը որակուեցաւ որպէս ջերմ և հիմնուած վստահութեան վրայ։

«Այցելութեան ընթացքին Վիեթնամի պատուիրակութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, ու զրոյցներ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ» կը կարդանք միշտ հրատարակուած վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 14:10