Որոնել

Փիերթ Ճորճօ Ֆրասսաթի եւ Քարլօ Աքութիս Փիերթ Ճորճօ Ֆրասսաթի եւ Քարլօ Աքութիս  

Կարդինալ Սեմերարօ. Ֆրասսաթին եւ Աքութիսը ճանապարհի սուրբեր

Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչը, Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ զրուցեց յառաջիկայ կիրակի օրը Սուրբ հռչակուելիք երկու երանելիներուն՝Ֆրասսաթիի եւ Աքութիսի մասին։ Սրբասդասման արարողութիւնը պիտի կատարուի սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարօ, Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ զրուցեց երկու երանելիներ` Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քարլօ Աքութիսին մասին, որոնք սուրբ պիտի հռչակուին, կիրակի, 7 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորած արարողութեամբ։

«Երկու սուրբեր՝ լի կենսունակութեամբ, որոնց սիրտերը բորբոքուած էին Քրիստոսի հանդէպ սիրով, որոնք ապրեցան աշխարհին մէջ, բայ ոչ աշխարհին համար», ըսաւ Սուրբերու դատի վերատեսուչը, աւելցնելով, որ տարբեր տարիք ունեցող երկու սուրբերէն մին՝ Փիեր Ճորճօ ֆրասսաթի մահացաւ 24 տարեկանին, իսկ երկրորդը, Քարլօ Աքութիսը 15 տարեկանին ու երկուքը իրենց կեանքը ապրեցան նուիրուելով աղքատներուն եւ սնանելով ամենօրեայ Սուրբ պատարագով։

«Սուրբերու մէջ միշտ կայ զարմանալի բան մը, Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթին մարմնաւորեց Վատիկանի Բ Ժողովին կողմէ առաջարկուած աշխարհական հաւատացեալի տիպարը։ Ան այն անձը էր, որ կեանքի մէջ ներգրաւուած ըլլալով ունեցաւ աշխարհի տարբեր իրականութիւններուն մէջ իւրայատուկ փորձառութիւն այն ինչ, որ Վատիկանի Ժողովը անուանած է աշխարհական հաւատացեալներուն աշխարհի բնոյթը, որ ապրեցաւ Աւետարանի հետ լիովին ներդաշնակ՝ մարմնաւորելով աւետարանի ամէն երեւոյթ։

Ֆրասսաթիին բարիք գործելը՝ առանց աղաղակելու յետագային դրսեւորուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան՝ աղքատներուն, տկարներուն մեծ ներկայութեամբ,, որոնց միշտ օգնած էր։ Ֆրասսաթիի մահը յայտնութիւն եղաւ, քանի որ ան աղքատներու քով գնաց Քրիստոսի հետ հանդիպելու համար։

Քարլօ Աքութիսին յուղարկաւորութեան նաեւ շատ աղքատներ մասնակցեցան նաեւ անոր ընտանիքը լուր չ՝ունէր։ Ան ինչ որ կատարեց դեռահասի ներուժով եւ երիտասարդի ներուժով կատարեց։ Քարլօն՝ պատանիի մը սրբութեան արտայայտութիւնն եղաւ, որ պատրաստ էր բացուելու կեանքի առջեւ, Սուրբ Հաղորդութիւնը որպէս յենակէտ ունենանլով որպէս ճանապարհ դէպի երկինք ու այս սրբութիւնները պէտք են մեզ մղեն մտորելու կեանքի տարիքներուն իմաստին մասին։

Ֆրասսաթի մեզի ցոյց կու տայ, որոշակի կեանքի տարիքը, Աքութիսը ցոյց կու տայ պատանեկութեան աշխարհը, որ այսօր կեանքի ամենակարեւոր փուլն է ։ Անոնք սովորական երիտասարդներ են, որոնք կը հոտաւէտեն հարեւանին դրան մօտ Սրբութիւնը, այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէր միշտ։

Երկու դէմքեր որոնք Լեւոն ԺԴ. Պապը առաջարկած է նոր սերունդներու համար որպէս տիպարը, երիտասարդաց յոբելեանի ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 12:15