Որոնել

IRAQ-RELIGION-CHRISTIANITY-PALM-SUNDAY

ԻԱ դարու նոր մարտիրոսներ` քրիստոնեաները կը շարունակեն մեռնիլ Աւետարանին համար

21-րդ դարի նահատակները կրօնական հալածանքներու, ահաբեկչութեան, էթնիկական հակամարտութեան, յանցաւոր բռնութեան, բնական պաշարներու շահագործման և խոր անարդարութեան ու ցաւի այլ երեւոյթներու զոհեր են։ 14 սեպտեմբերին համամիութենական արարողութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21-րդ դարի մօտ 1700 նոր քրիստոնեայ նահատակներ, որպէս այդ ճանչցուեցան Նոր նահատակներու՝ Հաւատքի վկաներու յանձնաժողովի կողմէն, որ ստեղծուած է 2023 թուականին հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Սուրբերու դատի Վերատեսչութեան ծիրէն ներս:

Սոյն տուեալները հրապարակուեցան 8 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակին մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Տասնմէկ անդամներէ կազմուած և Գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէի գլխաւորած յանձնաժողովի աշխատանքը մաս կը կազմէ Յոյսի նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան եւ կ՛աւարտի սեպտեմբերի 14-ին՝ Սուրբ Խաչի վերացման տօնին օրը, պարիսպներէ դուրս գտնուող Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ կայանալիք եզակի համամիութենական արարողութեամբ, զոր պիտի գլխաւորէ Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։

Ժամանակակից աշխարհի մէջ քրիստոնեաներուն մարտիրոսութիւնը

Վերոնշեալ ճանչցուած մարտիրոսներուն մեծամասնութիւնը 643-ն կու գայ Ափրիկէէն, 357-ն Ասիայէն եւ Ովկիանեայէն, ապա 304 Ամերիաներէն մինչ 277-ն Միջին Արեւելքէն։ Եւրոպացի նահատակներուն թիւը 43 է, որոնց պէտք աւելցնել 110 նահատակներ որոնք իրենց կեանքը զոհեցին առաքելութիւններու ընթացքին։

Ըստ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր և յանձնաժողովի փոխնախագահ Անտրէա Ռիքարտիին «քրիստոնեաները կը շարունակեն մահանալ, քանի որ անոնք Աւետարանի վկաներ են, եւ սիրահարուած են Աստուծոյ եւ իրենց եղբայրներուն և քոյրերուն»։ Շատ դէպքերու պարագային, լոկ ազնիւ քրիստոնեայի մը ներկայութիւնը, որ նուիրուած է հասարակաց բարիքին, «խանգարում կը համարուի անոնցմէ« որոնք կը ձգտին յառաջ տանիլ ոճրային ծրագիրներ»։

21-րդ դարի նահատակները կրօնական հալածանքներու, ահաբեկչութեան, էթնիկական հակամարտութեան, յանցաւոր բռնութեան, բնական պաշարներու շահագործման և խոր անարդարութեան ու ցաւի այլ երեւոյթներու զոհեր են։

Յոյսի նշանաբանով յիշողութեան արարողութիւն

Յառաջիկայ Կիրակի` 14 սեպտեմբերի յետմիջօրէին նախատեսուած յիշատակի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ եկեղեցական հաղորդութիւններու 24 պատուիրակներ, վկայելու համար միութիւն մը` որ «կ՛իրականանայ Քրիստոսին համար հեղած արիւնով» հաստատեց Գերապ. Ֆապենէն, այդպէս կոչուած «արեան համամիութիւնը» ինչպէս զայն որակած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը։

Արարողութեան ընթացքին պիտի կարդացուի Երանութիւններու Աւետարանը և պիտի յիշատակուին որոշ խորհրդանշական անուններ, ինչպիսիք են քոյր Լեոնելլա Զկորպաթին, որ սպաննուեցաւ ե Սոմալիայի մէջ 2006 թուականին, և աւետարանական քրիստոնեաներու խումբ մը , որոնք սպաննուեցան 2019 թուականին Պուրքինա Ֆազոյի մէջ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. հետքերով

Մարտիրոսներու յանձնաժողովը ներշնչում կը քաղէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կամքով 2000 Յոբելեանի ընթացքին կազմակերպուած արարողութենէն, որուն հետեւանքով ստեղծուեցաւ Ի դարու նոր մարտիրոսներու յուշահամալիրը` Հռոմի թեւերէ գետին վրայ` Թիպերինա թերակղզիի վրայ կառուցած Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան պազիլիքային մէջ, ուր պահպանուած է նաեւ մօտ օրէն Սուրբ հռչակուելիք Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքներէն մին։ Արդարեւ 25 տարիներ առաջ եւս Լեհ Քահանայապետը ուզած էր համամիութենական արարողութիւն մը յարգելու համար Ի դարու հաւատքին վկաները։

Մարտիրոսները յոյսի նշան

Այսօրուայ մարտիրոսները կը ներկայացնեն քրիստոնէական յոյսի կենդանի վկայութիւն մը, որպէս Աստուծոյ հանդէպ անսասան հաւատքի տիպար, նոյնիսկ ամենածանր փորձանքներու ժամանակ։

«Այս եղբայրներն ու քոյրերը, յոյսի խարիսխը դրին ոչ թէ աշխարհի իրականութեան, այլ Աստուծոյ սրտի մէջ», հաստատեց այս առնչութեամբ Գերապայծառ Ֆապենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2025, 10:00